
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի 2-րդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ Աթլեթիքօ Մատրիտ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը:
Հասնելու համար աւարտականին, Աթլեթիքօ Մատրիտ նուազագոյնը կարիքը ունէր 4-0 արդիւնքով յաղթանակի մը` նկատի ունենալով, որ երթին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Ռէալ Մատրիտի դաշտին վրայ:
Թէեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ երէկ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Սաուլ Նիկես (12-րդ) եւ Անթուան Կրիզման (16-րդ` փենալթիով) նշանակեցին Աթլեթիքոյի կոլերը, իսկ Իսքօ` Ռէալ Մատրիտի կոլը (42-րդ):
Մրցումին ներկայ էր 50 հազար հանդիսատես:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 3 յունիսին, Կալեսի մայրաքաղաք Քարտիֆի մէջ, Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Եուվենթուսի դէմ: