Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանանի յոյսերը մեծ են հասնելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Ասիա 2019-ի ախոյեանութեան:
Ան ըսաւ, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր ճամբան` իր մարզիչին` Միոտրակ Ռատոլովիչի հետ, որովհետեւ ան լաւապէս կը կատարէ իր պաշտօնը, եւ վերջերս խումբին արձանագրած ոչ լաւ արդիւնքները անոր յանցանքը չեն:
Թէեւ իր արձանագրած ոչ համոզիչ արդիւնքներուն պատճառով Լիբանան իր յոյսերը կորսնցուցած է հասնելու 2018-ի Մոնտիալի աւարտականներուն, սակայն յոյս ունի հասնելու Ասիա-2019-ին:
Միոտրակ Ռատոլովիչ իր պաշտօնը ստանձնեց շուրջ երկու տարի առաջ` փոխարինելով իտալացի Ճիուսեփփէ Ճիանինին: