«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայկական Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնած է, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կը ծրագրէ հանդիպում ունենալ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
«Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 24 ապրիլին իր հրապարակած ուղերձին մէջ յայտնեց, որ տեղեակ է մեր համայնքի պատրիարքի հարցէն: Անոր հետ առաջին հանդիպումին ընթացքին ինծի խօսք տուաւ հանրաքուէէն ետք այդ խնդիրով զբաղիլ:
Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, եթէ որեւէ բան չպատահի, կը ծրագրեմ հանդիպում ունենալ անոր հետ: Կը կարծեմ, որ համայնքի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը` պատրիարքի ընտրութեան հարցը, կարճ ժամանակահատուածի մէջ պիտի լուծենք:
Պէտք է զգուշ ըլլանք, ի վերջոյ այս ընտրութիւնները պիտի կատարուին», ըսած է Շիրինօղլու:



