Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեխիոյ Նախագահը Պատրաստ Չէ Հայոց Ցեղասպանութեան Գծով Իր Դիրքորոշումը Փոխելու

May 1, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման մտադիր չէ վերատեսութեան ենթարկելու իր դիրքորոշումը` Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան գծով. 27 ապրիլին այս մասին յայտնած է Զեմանի մամլոյ քարտուղարը:

Ան նշած է նաեւ, որ Թուրքիոյ բացասական արձագանգը չէ զարմացուցած նախագահ Զեմանը, այլ շատ ակնկալելի էր անիկա:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Չեխիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումը: Նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Խստօրէն կը դատապարտենք եւ անընդունելի կը նկատենք Չեխիոյ խորհրդարանին վաւերացուցած որոշումը»:

Անգարա մտահոգիչ նկատած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի յղած ցաւակցական ուղերձը: Նաեւ, Անգարայի մէջ Չեխիոյ դեսպանը կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ անոր փոխանցուած են այս կապակցութեամբ թրքական կողմի բողոքները: Սակայն, Թուրքիա Փրակայէն տուն չէ կանչած իր դեսպանը, բան մը, որ սովորաբար կ՛ընէր վերջին տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած այլ երկիրներու պարագային:

Յիշեցնենք, որ 25 ապրիլի երեկոյեան, Չեխիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, իսկ նախագահ Զեման, Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով Չեխիոյ հայութեան եւ հայ ժողովուրդին յղեց ցաւակցական նամակ մը, որուն մէջ ըսուած էր. «Անձամբ ես, քանի մը առիթներով, վերջին անգամ` անցեալ տարուան յունիսին Հայաստան կատարած իմ պետական այցելութեան ընթացքին, նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ժամանակ այդ վայրագութիւնները որակեցի իբրեւ «ցեղասպանութիւն»»:

Նախորդը

Ազրպէյճան Հասած Է Ռուսական Զէնքի Եւ Զինուորական Սարքաւորումներու Նորագոյն Առաքումը

Յաջորդը

Սպանիոյ Վիլենա Քաղաքը Պաշտօնապէս Կը Ճանչնայ Եւ Կը Դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.