Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

October 19, 2011
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՎԻՎԱՍԵԼ-ԷՄ.ԹԻ.ԷՍ.»Ը ԿՐԹԱԿԱՆ
ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՐՏՔԵՐԸ ՋՆՋԱԾ Է

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը ջնջած է բջիջային կապի ծառայութիւններու փոխարէն Հայաստանի կրթական բնագաւառին մէջ գործող շարք մը հաստատութիւններու ունեցած պարտքը, որ 45 միլիոն դրամ է (շուրջ 120 հազար տոլար):

Բջիջայինի ընկերութիւնը այսպիսով կը ջնջէ շուրջ 354 կրթական հաստատութիւններուն ունեցած պարտքը:

ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ԳԵՐԱՐԴԻԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

Հայաստանի գերարդիական «Արմթեք քոնկրես 2011» համաժողովը այս տարի կայացաւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով` իբրեւ բնաբան ունենալով «Սորվիլ անցեալէն, բացայայտել ապագան» եզրը:

Համաժողովը կը նպատակադրէ աջակցիլ Հայաստանի գերարդիական բնագաւառի մնայուն զարգացման, խթանել ներդրումներուն աճը, ամրապնդել միջազգային գործարար կապերը, յայտնաբերել ներդրումային նոր կարելիութիւններն ու ստեղծել մասնագիտական ընդարձակ ցանց:

Այս առիթով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ «Վիվասել.Էմ.Թի.Էս.»տ տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան մեծապէս կարեւորեց գիտական ներուժը` զայն նկատելով  ամէնէն թանկագին դրամագլուխը: Ըստ անոր, այդպիսով կարելի կ՛ըլլայ երկրի տնտեսութեան զարգացման ջանքերը իրենց առաւելագոյնին հասցնել եւ ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւերով գործել: Ողջունելով համաժողովին մասնակիցներն ու կազմակերպիչները` Ռ. Եիրիկեան շեշտեց, որ գիտական ներուժն ու կարողականութիւնը կը կրկնապատկեն Հայաստանի ձեռքբերումները, կը խթանեն միջազգային գործարարներուն հետ կապը եւ Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը աշխարհին կը ներկայացնեն իբրեւ միջազգային ցուցանիշ ունեցող մարզեր:

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 7-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր 22-26 տեղի պիտի ունենայ մանկապատանեկան ժապաւէններու միջազգային 7-րդ փառատօնը, որ պիտի իրականացուի «Փոքրիկներու եւ պատանիներու համար շարժանկարի եւ պատկերասփիւռի զարգացման Ռոլան Բիկով» հիմնադրամին կողմէ եւ Հայաստանի նախագահին եւ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

«Ռոլան Բիկով» հիմնադրամի կառավարիչ Ռուզաննա Յարութիւնեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ փառատօնի ծիրին մէջ արդէն իսկ ներկայացուած է 500 շարժանկարի դիմում մօտաւորապէս 30 երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Իսրայէլ, Լեհաստան, Իրան, Չինաստան, Հոլանտա, Արժանթին, Շուէտ, Հունգարիա եւ այլն: Ան հաղորդած է նաեւ, որ շարժանկարներու ընդունման վերջնաժամկէտն էր սեպտեմբեր 1-ը, որմէ ետք փառատօնին ընտրող խորհուրդը պիտի որոշէր, թէ փառատօնին ո՛ր շարժանկարները պիտի մասնակցին: Նշենք, որ ամենայն հաւանականութեամբ փառատօնին պիտի մասնակցին 50-60 շարժանկար:

ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՇԱԲԱԹԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 17-ԻՆ

Հայաստանի մէջ հոկտեմբեր 17-22 տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ, որոնք նուիրուած պիտի ըլլան Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին:

Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ իտալական շաբթուան ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին օփերայի եւ թատրոնի ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ` համերգներ:

Նշենք, որ Իտալիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իտալական շաբաթ պիտի իրականացուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ բոլոր երկիրներուն մէջ ալ նուիրուած պիտի ըլլայ Իտալիոյ միաւորման 150-ամեակին

ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ
ՍՐՏԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒՐՈԿՈՎԿԱՍԵԱՆ
3-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ

29-30 հոկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Ակցիա առողջութիւն Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութիւնը Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպեն Սրտաբանութեան Եւրոկովկասեան 3-րդ համաժողովը, որուն նպատակն է յայտնաբերել եւ համախմբել աշխարհի հայ սրտաբաններու ներուժը Հայաստանի մէջ սրտաբանութեան ոլորտին զարգացման համար, նպաստել Հայաստանի եւ սփիւռքի սրտաբաններու համագործակցութեան, մասնագիտական որակներու բարձրացման եւ կատարելագործման, նորարական հմտութիւններու փոխանակման, ինչպէս նաեւ` նոր որակ հաղորդել սրտաբաններու հետագայ համագործակցութեան: Նոյեմբեր 2-ին տեղի պիտի ունենայ հանդիպում Սրտաբանութեան Եւրոկովկասեան համաժողովի պատուիրակութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն միջեւ:

Յիշեցնենք, որ համաժողովը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ առաջին անգամ կազմակերպուած էր 2009 թուականի  հոկտեմբերին, որուն մասնակցած էին մօտաւորապէս 100 սփիւռքահայ եւ 200-է աւելի Հայաստանէն եւ Արցախէն սրտաբաններ:

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԻՏԱԼԱՑԻ ԵՐԳԻՉ
ՌՈՊԵՐԹԻՆՕ ԼՈՐԵԹԻՆ
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Աշխարհահռչակ իտալացի երգիչ, «Ճամայքա» երգի մեկնաբան Ռոպերթինօ Լորեթի 23 հոկտեմբերին երգահանդէս մը պիտի ունենայ Երեւանի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ: Ելոյթին պիտի հնչեն երգիչին, հին ու յայտնի երգերուն կողքին, նոր երգերը:

Ռոպերթինօ Լորեթի ծնած է 1947-ին, Հռոմ, ոչ հարուստ, բազմազաւակ ընտանիքի մէջ:

Մանկութեան նկարահանուած է ժապաւէններու մէջ, իսկ 6 տարեկանին երգած է դպրացդասի մէջ: 8 տարեկանին դարձած է Հռոմի օփերային թատրոնի մեներգիչը: Փոքր տարիքէն ապրուստ հոգալու ծանր պարտաւորութիւնը ուսերուն կրած` աշխատած է փուռի մէջ, սակայն ընթացքին շարունակած է երգելը:

1960 թուականը Ռոպերթինօ Լորեթիի համար դարձած է ճակատագրական, որովհետեւ նոյն տարին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած են Ողիմպիական խաղեր եւ անոր ընթացքին Ռ. Լորեթի ուշադրութիւնը գրաւած է դանիացի արտադրիչ Սայր Վոլմեր-Սյորենսենի: Վերջինիս հովանաւորութեամբ, Ռ. Լորեթի պատրաստած է «Օ սօլէ միօ» ձայնասկաւառակը եւ այսպիսով սկիզբ առած է Ռ. Լորեթիի յաղթարշաւը աշխարհի տարածքին:

«ՀԱՅՖԵՍԹ 2011» 9-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ
ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 8-ԻՆ

Հոկտեմբեր 8-ին աւարտեցաւ «Հայֆեսթ 2011» 9-րդ միջազգային թատերական փառատօնը: Փակման արարողութեան ներկայ գտնուած են մեծ թիւով մասնակիցներ եւ հիւրեր: «Հայֆեսթ 2011» փառատօնի նախագահ Արթուր Ղուկասեան յայտնած է, որ յառաջիկայ տարի փառատօնը պիտի նշէ իր 10-ամեակը: Այնուհետեւ Ա. Ղուկասեան հաւաստագրեր շնորհած է բոլոր մասնակցողներուն, կազմակերպողներուն եւ զանգուածային լրատուամիջոցներուն:

«Հայֆեսթ 2011» 9-րդ միջազգային թատերական փառատօնը կայացաւ հոկտեմբեր 1-8: Այս տարի փառատօնին հանդէս եկան 16 եկիրներէ 30 թատերախումբեր` 60 ներկայացումներով: Փառատօնին ուշագրաւ հիւրեր էին Բրիտանիայէն` Էտինպուրկի «Պրոտոթայփ» թատրոնը: Առաջին անգամ կայացաւ «Մենութեան թանկօ» եռաչափ ժապաւէն ներկայացումը Բրիտանիայէն, որուն բեմադրիչն է Պիլլի Քուին: Փառատօնին ներկայ էին նաեւ Պերմի շրջանի մշակոյթի նախարար Նիքոլա Նովիչքովը, փոխ վարչապետ Պորիս Միլկրամը, որովհետեւ այս տարի «Միհր» թատրոնը Հայաստանը ներկայացուցած է «Սպիտակ գիշերները Պիրմում արուեստներու փառատօնին:

Փառատօնին ցուցադրուեցան տիկնիկային, երաժշտական, պարային եւ այլ բեմադրութիւններ: Փառատօնին մասնակցեցան թատերախումբեր` Դանիայէն, Իտալիայէն, Հունգարիայէն, Պուլկարիայէն եւ այլ երկիրներէ: Իրագործուած են նաեւ վարպետութեան դասեր` գլխաւորութեամբ բրիտանացի փրոֆեսէօր Նոյել Վեթսի, Պալթիք Սերքլ միջազգային թատերական փառատօնի հիմնադիր Եուքա Հիւթի կողմէ: Յիշեցնենք, որ այս տարի դիմումնագրեր ներկայացուցած են 100-է աւելի ներկայացումներ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ
ԹԱՏՐՈՆՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻ

Հոկտեմբեր 13-19 Սոչիի մէջ մշակութային թատերական տարուան շրջանակին մէջ տեղի կ՛ունենայ Սեւ ծովեան տարածաշրջանի երկիրներու տիկնիկային թատրոններու փառատօն, որուն մասնակցած են Ռուսիոյ, Հայաստանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Մոլտովիայի ներկայացուցիչները:

Յայտնենք, որ փառատօնին միջազգային դատական կազմը մրցանակներ պիտի յանձնէ` լաւագոյն ներկայացում, լաւագոյն բեմադրական աշխատանք, նկարիչի լաւագոյն աշխատանք, լաւագոյն դերասանական աշխատանք եւ լաւագոյն դերասանական անսամպլ անուանակարգերուն մէջ լաւագոյն արդիւնք ձեռք բերողներուն:

ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԱԾ Է «ՈՒԷՊԾԻՐԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

«Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնը եւ webtv.am համացանցի վրայ սփռուող պատկերասփիւռը հիմնած են «ՈւէպԾիրան» համահայկական շարժապատկերի փառատօնը, որ պիտի սկսի նոյեմբեր 15-ին եւ պիտի աւարտի դեկտեմբեր 25-ին:

Շարժապատկերի փառատօնին ներկայացուած ժապաւէնները պիտի ցուցադրուին բացառապէս webtv.am համացանցի վրայ սփռուող պատկերասփիւռէն: Իւրաքանչիւր ժապաւէն պիտի ցուցադրուի 5 օր անընդմէջ եւ այդ ընթացքին տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւն` համացանցի վրայ սփռուող պատկերասփիւռի յատուկ կայքին մէջ:

Փառատօնին սահմանուած է 2 մրցանակ, առաջին հանդիսացողը պիտի արժանանայ 1000 տոլարի համարժէք դրամ, իսկ երկրորդը պիտի ստանայ խրախուսական մրցանակ` 500 տոլարի համարժէք դրամ:

«ՈւէպԾիրան» համահայկական շարժապատկերի  փառատօնին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ բնակող բոլոր հայ շարժապատկերի բեմադրիչները: Մրցոյթին կրնան ներկայացուիլ մինչեւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէններ` առանց տեսակային սահմանափակումներու` խաղարկային, վաւերագրական, կենդանի գծանկար եւ այլն: «ՈւէպԾիրան» համահայկական շարժապատկերի փառատօնին ներկայացուած ժապաւէնները կրնան նկարահանուած ըլլալ որեւէ թեքնիքով, իսկ արդիւնքները պիտի յայտարարուին դեկտեմբեր 25-ին, մրցանակաբաշխութեան յատուկ արարողութեամբ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ
ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ 85 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Այս տարի ամբողջացաւ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հիմնադրութեան 85-ամեակը: Այս առիթով երեւանեան 5-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը նուիրուած էր նուագախումբի 85-ամեայ յոբելեանին:

Նուագախումբի յոբելեանին առիթով տեղի ունեցած է յատուկ նուագահանդէս, որուն ընթացքին նուագած են աշխարհի անուանի բազմաթիւ մրցոյթներու առաջին մրցանակակիրներ, որոնցմէ են Պերլինի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի մաեսթրօ ջութակահար Տայշին Քաշիմոթոն, որ նախորդ տարիներուն եւս իր մասնակցութիւնը բերած էր փառատօնին: Յոբելենական հանդիսութեան իբրեւ մենակատար հանդէս եկած է նաեւ անուանի թաւ-ջութակահար, Լոնտոնի Արքայական երաժշտական դպրոցի փրոֆեսէօր Ալեքսանտր Չաւուշեանը:

Նշենք, որ Երեւանեան 5-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնին մասնակցած են արդի համաշխարհային դասական երաժշտարուեստի կարկառուն 15 ներկայացուցիչներ` փառատօնի 10 սիմֆոնիք եւ սենեկային նուագահանդէսներէ բաղկացած ծրագիրին:

Յոբելենական փառատօնի համերգաշարի ծրագիրին կ՛ուղեկցուի Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ բացումը կատարուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ հայ դասական երաժշտարուեստի անուանի գործիչներու արխիւային լուսանկարները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ներկայի գործունէութիւնը: Յոբելենական փառատօնին ծրագիրը եզրափակուեցաւ հոկտեմբեր 12-ին, իսկ նուագախումբին 85-ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկները պիտի ամփոփուին տարուան աւարտին կալա-նուագահանդէսով:

Նշենք, որ փառատօնը իրականացուեցաւ Հայաստանի Ա. տիկնոջ` Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան տակ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ 13 ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հոկտեմբեր 5-ին Խնկօ Ապոր անուան մանկական գրադարանին մէջ կայացաւ «Ժամանակակից մանկական գիրքի նկարազարդումը Գերմանիոյ մէջ» ցուցադրութիւնը, որ իրականացուած է Կէօթէի անուան հիմնարկին հետ միասին: Ներկայացուած եւ մշակուած ցուցադրութիւնը կարելիութիւն պիտի ընծայէ ծանօթանալու մանկական գիրքեր նկարազարդող գերմանացի նշանաւոր արուեստագէտներուն: Միջազգային ճանաչում վայելող դասականներու կողքին, ներկայացուած են նաեւ աւելի երիտասարդ արուեստագէտներ, որոնց գործերը կ՛արտացոլացնեն գերմանական գիրքի նկարազարդման արդի ուղղութիւնները:

15 մասնակից արուեստագէտներուն առաջարկուած է հինգական նկարազարդում ընտրել իրենց նկարազարդած գիրքերէն մէկէն եւ իրենց ընտրութիւնը հիմնաւորել փոքրիկ կարծիքով: Այս ճամբով ցուցադրութիւնը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ արուեստագէտին հետ անձնական եւ անմիջական շփման մէջ մտնելու:

Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ մանկական գիրքի գերմանական նկարազարդման բարձր որակն ու ակնառու բազմազանութիւնը: Ջրաներկէն մինչեւ փակցանկար եւ թուային փորձարարութիւններ, այստեղ ի մի բերուած այս նկարազարդումները կը ներկայացնեն արդի գիրքի նկարազարդման լայն լուսապատկեր մը:

Ցուցադրութիւնը կ՛ուղեկցուի կրաֆիքական ձեւագէտ եւ նկարազարդող Ֆրանք Կէորկիի արուեստանոցին հրատարակած պատկերագիրքով, որուն մէջ ներկայացուած են բոլոր արուեստագէտներուն ցուցանմուշներն ու գրութիւնները:

ՄԱՐՍԷՅԻ ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հոկտեմբեր 11-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Մարսէյի Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբին երգահանդէսը` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկաները ողջունելէ ետք յայտնած է, որ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առիթով Մարսէյի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ դպրաց դասի հիմնադիր ղեկավար Խաչիկ Եիլմազեան պարգեւատրուած է Հայաստան նախագահի «Մովսէս Խորենացի» մետալով, որ հանդիսաւոր կերպով յանձնուած է վաստակաշատ խմբավարին` ձեռամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարին:

Մարսէյի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեծ ճանաչում ունի Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Սպանիոյ, Հոլանտայի, Զուիցերիոյ, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Քանատայի մէջ: Հայապահպանութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ հայ արուեստի եւ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար Խաչիկ Եիլմազեան պարգեւատրուած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով, նաեւ` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրով:

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

6 ԱՄՍՈՒԱՅ ԸՆԹԱՑՔՈՒՄ ՔԱՇԱԹԱՂԻ ՇՐՋԱՆՈՒՄ ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՈՒԵԼ Է ԵՒՍ 150 ԸՆՏԱՆԻՔ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 18, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.