Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան 24 ապրիլին յղուած ուղերձին համար շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
Պոլսահայ «Ժամանակ» օրաթերթին համաձայն, Աթեշեան իր շնորհակալութիւնը յայտնելու համար հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Թուրքիոյ հայ համայնքին անունով անգամ մը եւս դրականօրէն արձագանգած է նախագահի ուղերձին:
Աթեշեան նախորդ տարի եւս շնորհակալութիւն յայտնած էր Էրտողանին` Ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով յղուած ուղերձին համար, ինչ որ Թուրքիոյ հայ համայնքին կողմէ բացասական հակազդեցութեան արժանացած էր: Անոնք իրենց բողոքը արտայայտած էին` նշելով, որ Աթեշեան իրաւունք չունի ամբողջ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնելու:
Աթեշեան իր յայտարարութեան մէջ նշած է. «Էրտողան արդէն երրորդ անգամ ըլլալով ուղերձ կը յղէ ապրիլ 24-ի առիթով` կիսելով թրքահայութեան ցաւը»: Ան նաեւ նշած է. «Հայ համայնքի անդորրութեան, անվտանգութեան ու երջանկութեան նկատմամբ Էրտողանի ցուցաբերած մասնաւոր կարեւորութիւնը դրական արձագանգ գտած է եւ մեծ գոհունակութեան արժանացած համայնքին կողմէ»:
Աթեշեանի համաձայն, «անգնահատելի նշանակութիւն» ունի Էրտողանի ուղերձին մէջ արտայայտուած` միութեան եւ միասնականութեան միջավայրին մէջ ղեկավարելու հասկացողութիւնը: Ան անդրադարձած է նաեւ Էրտողանի խօսքերուն` «հայկական մշակութեային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ պետութեան կողմէ կատարուելիք քայլերուն»:
Աթեշեան չէ մոռցած նաեւ երախտագիտութիւն յայտնել Էրտողանին: «Ես միշտ կ՛աղօթեմ մեր պետութեան անսասանութեան համար», նշած է ան:



