Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան շաբաթավերջին ընդունեց աւստրիական շարք մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները:
Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանեց աւստրիացի լրագրողներու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հայ-աւստրիական յարաբերութիւններուն, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան, շրջանային տարբեր խնդիրներուն եւ անոնց հանգուցալուծման ուղիներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումներուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն:



