Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելու պարագային ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան առաջնորդ Մարին Լը Փեն պիտի շարունակէ յիշատակել 20-րդ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Այս մասին Լը Փեն արտայայտած է «Նուվել տ՛Արմենի»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Աւելի՛ն. 1915-ին բազմաթիւ հայերու Ֆրանսա հասնիլը կարեւոր իրադարձութիւն էր մեր երկրի պատմութեան մէջ, քանի որ անոնք մեծ ներդրում ունեցան նաեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք մեր երկրի վերակառուցման գործին մէջ եւ կատարեալ կերպով համարկուեցան», ընդգծած է Լը Փեն:
Ազգային ճակատ կուսակցութեան առաջնորդը, սակայն, կը կարծէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը պէտք չէ ընդգրկուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան պաշտօնական օրացոյցին մէջ, քանի որ նման օրերը պէտք է առնչուին միայն ֆրանսացիներու հաւաքական յիշողութեան: Միաժամանակ, Լը Փեն կարեւոր կը նկատէ հայերու վերապրած ողբերգութեան յիշողութեան պահպանումը:
«Կարեւոր է նաեւ, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը լայնօրէն ճանչցուի աշխարհի բոլոր երկիրներուն կողմէ, իսկ Թուրքիան ի վերջոյ պէտք է սկսի լրջօրէն վերանայիլ իր պատմութեան այդ ահաւոր էջը: Ֆրանսան պէտք է անպայման աջակցութիւն ցուցաբերէ ճանաչման այս պայքարին` ինչպէս մարդու իրաւունքներու հայրենիքի իր կարգավիճակին պատճառով, այնպէս ալ յանուն այն մեծաթիւ հայերուն, որոնք ապաստան գտան այստեղ եւ յաջողութեամբ համարկուեցան», ընդգծած է Մարին Լը Փեն:
Ան նաեւ կարեւոր նկատած է Ֆրանսայի հայ համայնքին դերակատարութիւնը, թէեւ իրեն «հաճելի չի թուիր համայնք արտայայտութիւնը»: «Ես կ՛ողջունեմ բոլոր այն ֆրանսացիները, որոնք այսքան լաւ ընդելուզուած են եւ իրենց ներդրումը ունին ամէնէն տարբեր մարզերուն մէջ, ինչպէս օրինակ մշակոյթի, գիտութեան եւ նոյնիսկ քաղաքականութեան: Անոնք ինծի համար կատարեալ օրինակն են անոր, ինչի մասին ես բազմիցս խօսած եմ` ֆրանսացի ազգութիւնը կը ժառանգեն կամ ատոր կ՛արժանանան», շեշտած է Ազգային ճակատի առաջնորդը:
Մարին Լը Փեն յստակօրէն դէմ է Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան: Ան յիշեցուցած է, որ Ազգային ճակատէն ընտրուած եւրոպացի երեսփոխանները մշտապէս դէմ քուէարկած են Թուրքիոյ հետ Եւրոպական Միութեան բանակցութիւններուն մէջ նոր գլուխներու բացման:
Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ցանկալի կը նկատէ այն լուծումը, որ կարելիութիւն կու տայ Ղարաբաղին վերամիաւորուելու Հայաստանի հետ:
«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք վարչական սահմանները արագօրէն եւ առանց վերաիմաստաւորման դարձան միջազգային սահմաններ, սակայն, անկախութենէն ետք աւելի ցանկալի պիտի ըլլար, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հասնէին այնպիսի համաձայնութեան, որ թոյլ կու տար Լեռնային Ղարաբաղին վերամիաւորուիլ Հայաստանի հետ», նշած է ան:
Ֆիյոն. «Ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճանը Փորձեց Ուժով Գրաւել Արցախը»
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ստեղծուած է Ստալինի պատճառով, որ 1921-ին կամայականօրէն անջատեց Ղարաբաղը Հայաստանէն: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Ֆրանսուա Ֆիյոնը, կը գրէ «Նուվել տ՛Արմենի»:
«Այսօր բոլոր ֆրանսահայ համաքաղաքացիները անհանգիստ են, եւ ես նոյնպէս, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղը վառօդով տակառ է: Չմոռնանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամը Ստալինի մեղաւորութիւնն է, ան 1921-ին կամայականօրէն զայն անջատած է Հայաստանէն եւ տուած Ազրպէյճանին: Այժմ չկայ այլ ընտրութիւն, քան ՄԱԿ-ի միջոցով գտնել խաղաղ եւ երկարատեւ լուծում», ըսած է ան:
Ֆիյոն նշած է, որ Ֆրանսա առաջիններէն էր, որ ընդունեց եւ քաղաքացիութիւն տուաւ ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն: «Այսօր մեր երկրին մէջ կը բնակին 500.000 ֆրանսահայեր: Ֆրանսայի եւ Հայաստանի կապերը միշտ ամուր եղած են: 1909-ին Ֆրանսայի նաւատորմը օգնեց Կիլիկիոյ հայերուն` փրկուելու ցեղասպանութենէն», ըսած է ան: