Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ Արցախի Տագնապը Լուծելու` «Առանց Երրորդ Կողմի Միջամտութեան»

Ապրիլ 19, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք չէ արտօնեն, որ երրորդ ուժեր միջամտեն Արցախի տագնապի լուծման. «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թեհրանի մէջ այսպէս յայտարարած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հոսէյն Տահքան, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին:

Հասանով Թեհրան այցելած էր կիրակի, 18 ապրիլին, բազմամարդ պատուիրակութեան մը ուղեկցութեամբ:

Իրանցի պաշտօնատարներու հետ Հասանովի քննարկումներուն հիմնական նիւթերէն մէկը եղած է ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը:

«Յոյս ունիմ, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման կը մօտենան վճռական կերպով եւ երրորդ ուժերու միջամտութեան ու ճգնաժամի խորացման առիթներ չեն տար», նշած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարը:

Տահքան ազրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ շրջանային շարք մը տագնապներ` մատնանշելով այն ուժերը, որոնք, ըստ Թեհրանի, կը վտանգեն շրջանային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

«Ո՛չ միայն մեր շրջանը, այլեւ ամբողջ աշխարհը այսօր կ՛ենթարկուի ահաբեկչական այն սպառնալիքներուն, որոնց աղբիւրներն են ՏԱՀԵՇ ու Ժապհաթ Նուսրա ծայրայեղական խմբաւորումները, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ սիոնական վարչակարգը (Իսրայէլ)», յայտարարած է Տահքան:

Հասանովի հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Իրանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ ըսած է, որ վերոյիշեալ ուժերէն քանի մը հատը ջանք կը թափեն վնաս հասցնելու Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան խորացման:

«Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ արտաքին ուժերը խաթարեն Ազրպէյճանի եւ Իրանի զինուորական համագործակցութիւնը: Մեր երկու ժողովուրդները սերտ յարաբերութիւններ ունին ցեղային, պատմական, մշակութային եւ կրօնական կապերու ընդմէջէն: Մեր յարաբերութիւնները օրէ օր աւելի կը խորանան: Շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այդ յարաբերութիւնները զարգանային նաեւ պաշտպանական մարզին մէջ», նշած է Տահքան:

Իր կարգին, Հասանով ըսած է. «Ազրպէյճան եւ Իրան բարեկամական կապեր ունեցող եղբայրական պետութիւններ են: Իրանի հետ զինուորական համագործակցութեան ծաւալումը կը բխի նաեւ Ազրպէյճանի շահերէն»:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Հայաշատ Եւ Թուրքիոյ Քրտաբնակ Շրջանները Նախագահի Լիազօրութիւններուն Ընդլայնման Դէմ Քուէարկած Են

Յաջորդը

Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Վերաբերեալ Պահանջագիր Մը Ներկայացուցած Են Հոլանտայի Խորհրդարանին

RelatedPosts

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

Դեկտեմբեր 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

Դեկտեմբեր 11, 2025
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան  Ռազմավարական Օրակարգին`  Զուլֆուղարով. «Փաշինեանի` Խաղաղութեան  Օրակարգին Աջակցելուն Մասին Յայտարարութիւններու  Անկեղծութեան Վերաբերեալ Կասկածներ Կը Յառաջանան»
Հայկական

Անդրադառնալով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Ռազմավարական Օրակարգին` Զուլֆուղարով. «Փաշինեանի` Խաղաղութեան Օրակարգին Աջակցելուն Մասին Յայտարարութիւններու Անկեղծութեան Վերաբերեալ Կասկածներ Կը Յառաջանան»

Դեկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?