Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն ետք որեւէ մրցում չկատարած եւ աղջկանց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ յառաջիկայ շաբաթ պիտի գրաւէ պարագլուխի դիրքը` շրջանցելով գերմանացի Անճելիք Քերպըրը, որ Մոնրէալի միջազգային մրցաշարքի աւարտականին պարտուեցաւ:
Սակայն եթէ յառաջիկայ ամիս Քերպըր լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգէ, դարձեալ պիտի գրաւէ պարագլուխի դիրքը` նկատի ունենալով, որ Սերենա Ուիլիըմզ շուրջ մէկ ամիս եւս պիտի չվերադառնայ թենիսի դաշտերը: