
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 մրցումներ:
Մայեմի Հիթ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը, երկարաձգումէն ետք յաղթանակ մը արձանագրեց 124-121 արդիւնքով: Տերոն Ուիլիըմզ (Քաւալիրզ) նշանակեց 35 կէտ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, 105-99 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 28 կէտ:
Միլուոքի Պաքսի մաս կազմող Ճիաննիս Անթեթոքունփթօ, Շարլոթ Հոռնեթցի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (89-79) թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (10 կէտ, 11 ռիպաունտ, 10 էսիսթ):
Նշենք, որ անոր կազմը ապահոված է փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 120-111 |
Պոսթըն Սելթիքս – Պրուքլին Նեթց | 114-105 |
Մայեմի Հիթ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 124-121 |
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք | 122-75 |
Միլուոքի Պաքս – Շարլոթ Հոռնեթց | 89-79 |
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ | 105-101 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 99-98 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | 125-96 |
Եութա Ճեզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 105-99 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Աթլանթա Հոքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Մինեսոթա Վուլվզ – Օքլահոմա Սիթի
Տալաս Մավըրիքս – Տենվըր Նակեթց
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆէոնիքս Սանզ