Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնանկ ըրաւ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը` Էտկարտօ Պոզան:
Պոզա, որ նախորդ տարուան ամրան նշանակուեցաւ մարզիչ, իր կազմին հետ կատարեց 8 մրցում` արձանագրելով 3 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով 3 պարտութիւն:
Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Արժանթին այժմ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, շատ հաւանաբար սպանական Սեւիլլայի մարզիչ Խորխէ Սամփաուլի նշանակուի նոր մարզիչ: