Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յետսապահ Փեփէ, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով մէկ ամիս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, կը յայտնէ «Մարքա»:
Ան վիրաւորուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին (1-1):
Ան պիտի բացակայի 23 ապրիլին Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ի մրցումէն, ինչպէս նաեւ Պայէրն Միւնիխի դէմ կատարուելիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի (12 ապրիլ) եւ դարձի (18 ապրիլ) մրցումներէն: