Միացեալ Նահանգներու ճատրակի ախոյեանութեան, ամերիկահայ Վարուժան Յակոբեան գրաւեց երրորդ դիրքը` ապահովելով 6,5 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահովեցին նաեւ Հիքարու Նաքամուրա եւ Ֆապիանօ Քարուանա:
Տիտղոսին համար մղուող պայքարը վճռուեցաւ թայ պրէյքով` նկատի ունենալով, որ 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ուեսլի Սօ եւ Ալեքսանտր Օնիշչուք ապահովեցին 7-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, Տաթեւ Աբրահամեան ապահովելով 5,5 կէտ գրաւեց 9-րդ դիրքը:
Տիտղոսակիր հանդիսացաւ Սապինա Ֆոյսոր (8 կէտով):