Ուրբաթ, 21 ապրիլին, Ժունիէի քաղաքապետարանը եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կու տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնական բացումը կը կատարեն Ժունիէի քաղաքապետարանի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին, որուն ֆութպոլի դաշտը պիտի օժտուի արուեստական խոտածածկով:
Այս մարզահամալիրին բացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, ներկայ պիտի ըլլան Ժունիէի քաղաքապետ Ժուան Հըպէյշ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն անդամներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ: