Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

April 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէն:

Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ նախարար Ճանելիծէի պաշտօնական այցելութիւնը արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ եւ նոր խթան կը հաղորդէ միջպետական կապերու ամրապնդման: Հայաստանի նախագահը եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները աշխուժ ձեւով կը զարգանան` առկայ է աշխուժ քաղաքական երկխօսութիւն, կը խորանան տնտեսական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը մարդասիրական մարզին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի համար բարեկամ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները թանկ են, եւ մեր երկիրը շահագրգիռ է այդ բարի դրացիական յարաբերութիւնները տարուէ տարի զարգացնելու եւ աւելիով ամրապնդելու:

Նալբանդեան. «Հայաստանի Եւ Վրաստանի Միջեւ
Չկան Խնդիրներ, Կան Հարցեր, Որոնք
Միացեալ Ջանքերով Կը Լուծուին»

Վերջին տարիներուն հայ-վրացական յարաբերութիւնները շօշափելիօրէն կը զարգանան: Այս մասին պաշտօնական այցելութեամբ  Հայաստան գտնուող Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ճանելիծէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:

«Մեր մնայուն բուռն երկխօսութիւնը կարելիութիւն կու տայ քննարկելու երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ` յառաջ մղելու համար համագործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման ուղղուած մեր ջանքերը», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Նալբանդեանի համաձայն, հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին: «Վերջին տարիներուն հայ-վրացական յարաբերութիւնները շօշափելի զարգացում կ՛ապրին եւ յառաջ կ՛ընթանան փոխշահաւէտ համագործակցութեան ոգիով: Երկու կողմերն ալ պարբերաբար կը նշեն, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ չկան խնդիրներ, կան հարցեր, որոնք միացեալ ջանքերով կը լուծուին: Մեր այսօրուան հանդիպումը  ատոր ապացոյցն էր», ըսած է Է. Նալբանդեան:

«Անդրադարձ եղած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Զրոյցի ընթացքին խօսուած է հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ Հայաստանի միացեալ ջանքերուն մասին», նշած է արտաքին գործոց նախարարը:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն ԵՒ ՀՀԿ-ն Համաձայնական Կառավարութիւն Կազմելու Բանակցութիւններու Մէջ Են

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.