Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Քարոզչական Եւ Հայ Դատի Մարմիններուն Կազմակերպութեամբ. «Տը Փրոմիս» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւն` Ներկայութեամբ Հոծ Բազմութեան

Ապրիլ 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական եւ Հայ դատի մարմիններուն եւ գործակցութեամբ «Իկըլ ֆիլմզ» ընկերութեան, երէկ երեկոյեան «Ա. Պէ. Սէ. – Էշրեֆիէ»-ի «Կրանտ Սինեմազ» սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Տը Փրոմիս» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Ներկայ գտնուեցան հինգ հարիւր հրաւիրեալներ, որոնց շարքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ, փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մխայպեր, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի ներկայացուցիչը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գեղամ արք. Խաչերեան, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչը, «Իկըլ ֆիլմզ» ընկերութեան սեփականատէր Ժամալ Սանան, նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Ժաք Չուխատարեան եւ Վրէժ Սապունճեան, նախկին երեսփոխան Նուրիճան Տեմիրճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Մեթնի քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր, դատախազներ եւ իրաւաբաններ, Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներ, հայկական կրթական, մշակութային եւ մարզական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մեծ թիւով լրագրողներ, պատկերասփիւռի կայաններու ներկայացուցիչներ, տեղացի ակադեմական անձնաւորութիւններ եւ մտաւորականներ:

«Տը Փրոմիս» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը հիւրընկալող ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական եւ Հայ դատի մարմիններուն կողմէ երեկոյեան ժամը 7:00-ին կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատուական գրասենեակի անունով խօսք առաւ Ցոլեր Թալաթինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Իկըլ ֆիլմզ» ընկերութեան սեփականատէր Ժամալ Սանանի` «Տը Փրոմիս» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը Լիբանանի մէջ ապահովելուն համար:

Ապա խօսք առաւ վաստակաւոր դերասանուհի եւ բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ «Մատինա» թատերասրահի սեփականատէր Նիտալ Աշքար, որ անդրադարձաւ հայութեան հետ իր կապին` նշելով, թէ հայոց եւ հայութեան մասին իր ծանօթութիւնը պատմութեան գիրքերուն չի կապուիր, այլ իսկական կեանքի ու կենցաղի` շնորհիւ իր դասընկերներուն, որոնցմէ են Փոլ Կիրակոսեան, Պօղոս Ճելալեան, Ժիրայր Խաչերեան, Ժիրայր Աւետիսեան, Պերճ Ֆազլեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հռչակաւոր եւ յաջողած հայեր:

Աշքար մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Փոլ Կիրակոսեանի ծնողներուն կեանքին` շեշտելով, որ անոնք Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայեր էին եւ ենթարկուած թուրքերու բռնարարքներուն:

Ան անդրադարձաւ նաեւ իր միւս հայ դասընկերներուն կեանքին` հաստատելով, որ հայերը արժանապատիւ ժողովուրդ են, եւ Լիբանանին հպարտութիւն ներշնչող նուիրեալ քաղաքացիներ:

Նիտալ Աշքար շեշտեց, որ հայերը հաւասարապէս կը հպարտանան իրենց լիբանանեան ինքնութեամբ եւ հայկական արմատներով:

«Լիբանանի մէջ հայերը ստանձնած են բարձր եւ պատասխանատու պաշտօններ: Անոնք մնայուն կերպով յաջողած են իրենց ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ եւ իրենք զիրենք փաստած բոլոր պաշտօններուն պարագային: 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով բռնագաղթի ենթարկուած աշխարհացրիւ հայութիւնը ուղղուեցաւ շատ մը երկիրներ, սակայն ան ո՛ւր որ գնաց իրեն հետ տարաւ իր տաղանդները, ձեռարուեստը, սէրը, արժանապատուութիւնը, բարիքը եւ յարգանքը», հաստատեց ան:

Աշքար ընդգծեց հայութեան ապրելու կամքը` շեշտելով, որ հայը դժուար պայմաններուն կը տոկայ եւ կ՛աշխատի:

«Այո՛ հայը կը սիրէ Հայաստանը եւ զայն կը պահէ իր մտքին, խղճին եւ զգացական աշխարհին մէջ, սակայն ան կը հաւատայ նաեւ լիբանանեան իր ինքնութեան եւ նուիրուած կը մնայ անոր, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ է իր Լիբանան հայրենիքին», շեշտեց Նիտալ Աշքար:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով Ալիս Պօղոսեան յայտնեց, որ ինք կը պատկանի այն սերունդին, որ ծնած եւ ապրած է Լիբանանի մէջ եւ հասակ նետած ներողամտութեան եւ փոխադարձ յարգանքի միջավայրի մէջ:

Ան նշեց, որ ինք մէկ ներկայացուցիչն է այն սերունդին, որ դաստիարակուած է Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի ու Միխայէլ Նաայմէի գործերով եւ երգած է Ֆէյրուզ ու Ուատիհ Սաֆի:

Ա. Պօղոսեան աւելցուց, որ ինք կը պատկանի այն սերունդին, որ մերժած է Լիբանանէն մեկնիլ` երբ քաղաքացիական պատերազմը սկսած է, որովհետեւ այդ սերունդը հաւատացած է Լիբանանի գոյութեան եւ յարատեւումին: «Սակայն ես կը պատկանիմ նաեւ այն սերունդին, որուն մեծ մայրերը կը պատմէին օսմանեան կայսրութեան գործած բռնարարքներուն եւ սպանդներուն մասին: Մեր մեծ մայրերը կը պատմէին ամէնէն ահաւոր կերպով գործադրուած Ցեղասպանութեան մասին, երբ թուրքերը որոշեցին բնաջնջել խաղաղօրէն ապրող ու գործող եւ միայն իր ճակտին քրտինքով ճաշակող ժողովուրդ մը: Ժողովուրդ մը, որ միայն իր ջանքերով կը գոյատեւէ եւ կ՛աղօթէ, մինչեւ Աստուած իրեն եւ ուրիշին յաջողութիւն պարգեւէ», ըսաւ ան:

Ալիս Պօղոսեան հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ուղղակիօրէն առնչուած է հայութեան առօրեային` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը մնայուն կերպով պիտի շարունակէ պահանջել Թուրքիայէն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հատուցում կատարել ու բռնագրաւուած հողերը վերադարձնել հայութեան:

Ապա հրաւիրեալ հանրութեան դիմաց ժամը 8:00-ին ցուցադրուեցաւ «Տը Փրոմիս» ժապաւէնը, որուն գլխաւոր դերակատարներն են դերասաններ Օսքար Իզաաք, Քրիսթիըն Պէյլ եւ Շարլոթ լը Պոն:

Հոլիվուտեան չափանիշները լրացնող այս ժապաւէնը սիրոյ պատմութեան մը ընդմէջէն լուսարձակի տակ կ՛առնէ 1914-ի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան արարքները, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին եւ, պատմական փաստերու վրայ հիմնուելով, կը ներկայացնէ այդ ընթացքին արձանագրուած սպանդները, ոճիրները եւ հայոց վրայ Ցեղասպանութեան ձգած ազդեցութիւնը:

«Տը Փրոմիս» ժապաւէնին բեմադրիչն ու բնագիրի հեղինակն է Թերի Ճորճ: Ժապաւէնի երաժշտութիւնը յօրինած է Կապրիէլ Եարետ:

«Տը Փրոմիս»-ի պատրաստութեան ծախսը հասած է 100 միլիոն տոլարի, իսկ ժապաւէնին տեւողութիւնը 134 վայրկեան է:

Լիբանանեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ «Տը Փրոմիս» ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի հինգշաբթի, 20 ապրիլ 2017-էն սկսեալ:

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Նորա Արիսեան Մաս Կը Կազմէ Ռուսիա Գործուղուած Սուրիոյ Խորհրդարանական Պատուիրակութեան

Յաջորդը

Այցելութիւն` Լիբանանահայ Երեք Համայնքապետերուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?