Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, երէկ` երկուշաբթի, 10 ապրիլ 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Արմինիա» ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ-Երեւան օդանաւային գիծի պաշտօնական բացումը, կանոնաւոր թռիչքի առաջին օդանաւի Պէյրութ միջազգային օդակայան վայրէջքէն անմիջապէս ետք:
Երեւանէն Պէյրութ հասած պատուիրակութիւնները դիմաւորուեցան պետական, քաղաքական, կառավարական անձնաւորութիւններու կողմէ, օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ: Այս առիթով ողջոյնի իր խօսքը արտասանեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ամրապնդելու եւ հզօրացնելու Լիբանան-Հայաստան գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները: Ան հաստատեց, որ ծրագիրը բարոյապէս մեծ նպաստ պիտի բերէ երկու երկիրներու տարբեր մարզերու զարգացման ու ներդրման: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի ազգային օդանաւային ընկերութեան` «Միտըլ իսթ»-ին, որուն շնորհիւ նախորդ երկու տարիներուն իրականացան Լիբանան-Հայաստան ճամբորդութիւնները: Ա. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Արմինիա» ընկերութեան Լիբանանի եւ Երեւանի տնօրէններուն, նախաձեռնողներուն` մաղթելով, որ ո՛չ միայն զբօսաշրջական, այլ նաեւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւններ ամրապնդուին:
Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման քաղաքականութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանի հետ օդանաւային թռիչքներու կազմակերպումը միշտ օրակարգի վրայ եղած է, ապա դիտել տուաւ, որ 2013-էն ի վեր որդեգրուած բաց երկինքի քաղաքականութեամբ համաշխարհային շուկային Հայաստանի հասանելիութեան բարձրացումը պետական քաղաքականութեան հիմնական խնդիրներէն է: Մեխակ Ապրեսեան նշեց, որ նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացումն է Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ, որոնց կապը գոյութիւն ունի արդէն: «Զբօսաշրջութեան աշխուժացումը մեր պետական քաղաքականութեան հիմնական նպատակներէն է», ըսաւ ան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց երկու երկիրներու կառավարութիւններուն, «Արմինիա» ընկերութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին ծրագիրը:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան բարձրօրէն գնահատեց նախաձեռնութիւնը, որ ո՛չ միայն մայր հայրենիքի` Հայաստանի եւ սփիւռքի հայրենիք նկատուող Լիբանանի հայութեան համար գօտեպնդիչ երեւոյթ է, այլ նաեւ կը զարգացնէ երկու նմանօրինակ պատմութիւն ունեցող պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը: Ան ըսաւ, որ Լիբանան եւ Հայաստան տասնամեակներէ ի վեր գործակցութեան մէջ եղած են, ապա կարեւոր նկատեց այս թռիչքներով լիբանանահայութեան յաճախ Հայաստան այցելութիւնը, միաժամանակ լիբանանցի քաղաքացիին դէպի Հայաստան զբօսաշրջութիւն կատարելը: Ան աւարտեց խօսքը հաստատելով, որ օդանաւային ընկերութեան նոր բացուած գիծը մեծապէս պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն բարեկամութեան զարգացման:
Խօսք առաւ նաեւ «Արմինիա» ընկերութեան Երեւանի տնօրէն Ռոպերթ Օկանէսեան: Ան ըսաւ, որ միացեալ աշխատանքով կարելի եղած է պաշտօնապէս բացուած յայտարարել եւ իրականացնել Երեւան-Պէյրութ-Երեւան չուերթը: Ան յայտնեց, որ վայրէջք կատարած օդանաւով Պէյրութ հասած են 80 ուղեւորներ, իսկ նոյն օդանաւով Երեւան կը մեկնին 90 անձեր: Ռոպերթ Օկանէսեան ըսաւ. «Մեր աշխատակազմը պիտի շարունակէ ձեռնարկել բոլոր յարմարաւէտ միջոցներու եւ պիտի ստեղծէ հանգիստի լաւագոյն պայմանները, որպէսզի աժան սակերով ուղեւորներ կարենան ճամբորդել Երեւան ու Պէյրութ»:
Խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ ըսաւ, թէ թռիչքը պիտի ըլլայ լրացուցիչ ամուր թելերէն մէկը, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Լիբանանի յարաբերութիւններու զարգացման, միաժամանակ Հայաստանի եւ լիբանանահայ գաղութի կապերու հետագայ խորացման: Դեսպանը նշեց, որ դեսպանատունը աջակցած է թռիչքի իրականացման` կատարելով անհրաժեշտ բանակցութիւնները լիբանանեան համապատասխան իշխանութիւններու հետ ստանալով թռիչքի արտօնութիւնը եւ իրականացնելու զայն: Ան հաստատեց, որ դեսպանատունը պիտի աշխատի զարգացնել Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ զբօսաշրջութիւնը` ներգրաւելով լիբանանեան դրամագլուխով ներդրումներ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման նպատակով, Լիբանանի բաւական մեծ փորձառութեան վրայ հիմնուած:
Յաջորդաբար խօսք առին նաեւ Նուպար Շեքիրեան եւ Քարինա Կարապետեան, որոնք մաղթեցին ընկերութեան երկար տարիներու գործունէութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին ծրագիրի իրականացման:
Ձեռնարկին ընթացքին ընկերութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան պաշտօնական անձնաւորութիւններուն, որոնք միասնաբար հատեցին այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Հայաստանի զբօսաշրջական եւ տեսարժան վայրերու մասին, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան «Մուշ» պարային համոյթը հայկական երկու գեղեցիկ պարերով աւելի խանդավառեց մթնոլորտը:





