Լոնտոն-2012 Ողիմպիական խաղերու գօտեմարտի փոխախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան նուաճեց Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի ախոյեանի տիտղոսը:
Ջուլֆալակեան պայքարը սկսաւ քառորդ աւարտականէն եւ 3 մրցումներն ալ աւարտեց յաղթելով` 8:0 արդիւնքով: Աւարտականին ան ոչ մէկ առիթ տուաւ նորվեկիացի Փեթեր Քարլսընի:
Ասիկա նոր մրցաշրջանին 29-ամեայ Ջուլֆալակեանի առաջին մրցաշարքն էր:
 
			


