«Հայելի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ ամերիկեան զինուած ուժերու հրամանատար զօր. Քըրթիս Սքապարոթթի, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին առջեւ վկայութեան մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա աշխարհի տարածքին եւ մասնաւորապէս Արցախի՛ մէջ իրավիճակը կ՛ապակայունացնէ:
Ամերիկացի հրամանատարը նաեւ պնդած է, թէ Ռուսիա կը խոչընդոտէ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ տագնապներու լուծման գործը:
«Մոսկուան, զինելով ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ազրպէյճանը, ապակայունացնող դեր ունի ղարաբաղեան տագնապին մէջ: Հակառակ անոր որ անիկա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր է եւ պէտք է օգնէ լուծելու ղարաբաղեան տագնապը, Ռուսիա կը շարունակէ զինուորական խարիսխ պահել Հայաստանի մէջ», յայտարարած է ան` աւելցնելով. «Հարաւ-արեւելքին մէջ մեր առանցքային դաշնակիցները, յատկապէս` Թուրքիան, ստիպուած են միաժամանակ յաղթահարելու այն մարտահրաւէրները, զորս կը ներկայացնեն Ռուսիան, ահաբեկիչներն ու գաղթականներու հոսքերը»: