Երէկ երեկոյեան, իմանալէ ետք ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրներուն մասին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ` Թէոդորոս պատրիարքին` խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչական արարքները եւ իր խորազգած ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր, ինչպէս նաեւ զոհերու ընտանիքներուն` միաժամանակ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: