ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ցաւակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժժարիի:
Բագրատունի դատապարտեց Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտիական երկու եկեղեցիներուն դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը: Ան ցաւ յայտնեց անմեղ կեանքերու կորուստին համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Շաբաթ օր, Բագրատունի Սթոքհոլմի մէջ արձանագրուած յարձակումին հարցով նոյնպիսի ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպիի:
Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին դատապարտագիրներ յղեց Լիբանանի մէջ Շուէտի եւ Եգիպտոսի դեսպաններուն: