7 ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ Թաշքենտ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Ուզպեքիստանի իր գործընկերոջ` Ապտուլազիզ Քամիլովի հետ:
Նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած քայլերը` ընդգծելով, որ անոր համար առկայ են բոլոր նախադրեալները եւ մեծ ներուժ, որ միացեալ ջանքերով կարելի է օգտագործել:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ապտուլազիզ Քամիլով պայմանաւորուեցան յանձնարարել արտաքին գործոց նախարարութիւններու համապատասխան ստորաբաժանումներուն` մշակելու տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան խթանման ուղղուած առաջարկներ:



