Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 26 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թաու լուի Լիբանանի բաժակի մրցաշարքը:
Մասնակցող ակումբներն էին` Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ – Ժունիէ, «Էս. Էֆ.», Այնճար Ամիթի, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Հայ սեւ գօտիներու միութիւն:
Հսկողութեամբ իրենց մարզիչներուն` Սարին Փալուլեանի, Սօսէ Գազանճեանի եւ Յարութ Վարդանեանի, Այնճար Ամիթիի մարզիկները` Աննա Հերկելեան, Անի Գազանճեան, Արինա Աբրահամեան, Փաթիլ Թասլաքեան, Գետակ Այնթեպլեան, Ճէյսըն Աբիքեան, Վարդան Աւեսեան, Յարութ Տեմիրճեան, Միքայէլ Մարտիկեան, Ալեքս Գապաքեան, Ժատ Աժամի, Ռուբէն Քիւրտեան եւ Սերօ Գալեմքէրեան տիրացան 14 ոսկի, 10 արծաթ եւ 4 պրոնզ մետալի:
Խմբային դասաւորման մէջ Այնճար Ամիթի 160 կէտով Անթունիէ Պաապտայի ետին (191 կէտ) գրաւեց երկրորդ դիրքը: Իսկ «Էս. Էֆ.» գրաւեց երրորդ դիրքը (113 կէտ):