Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Միշել Տը Շատարեւեանի թեկնածութիւնը կ՛առաջարկուի Ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահի ընտրութիւններուն` երկրորդ նստաշրջանի մը համար:
9-16 ապրիլին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան, Լիբանանը պիտի ներկայացնեն Նոել Քէշիշեան, Մարիանա Սահակեան, Մալաք Խուրի, Մոհամետ Համիէ, Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ եւ Ղալեպ Ֆահըս:
Իսկ 29 մայիսէն 6 յունիս գերմանական Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան Լիբանանը ներկայացնողները պիտի ըլլան Աւօ Մումջողլեան, Մոհամետ Համիէ, Ղալեպ Ֆահըս, Մէյսա Պըսէյպես, Միրիամ Հապաշ եւ Թալիա Ազար:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 12-22 մայիսին Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) տեղի ունենալիք «Իսլամութեան զօրակցութեան» խաղերուն:
Լարա Քեչեպաշեան` իբրեւ մարզիչ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ Մալաք Խուրի եւ Մոհամետ Համիէ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն յուլիսին Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերուն: