
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 2 ապրիլին տեղի ունեցաւ գարնանային 33-րդ ռելին` Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի նահանգներուն մէջ (347,57 քմ):
Ռոժէ Ֆըղալի («Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-10», իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 1 ժամ 02′ 21″ արդիւնք մը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Նիքոլա Ամիունի (Էվօ-10), որ իր օգնականին` Էլի Մըսալլեմի հետ արձանագրեց 1 ժամ 04′ 03″ արդիւնք մը:
Իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Զիատ Ֆըղալի (Էվօ-9), որ իր օգնականին` Ժիհատ Հաշեմի հետ արձանագրեց 1 ժամ 05′ 12″ արդիւնք մը:
Նշենք, որ Ժոզեֆ Հընտի (Էվօ-10) իր օգնականին` Վիգէն Գանլըճեանի հետ գրաւեց 5-րդ դիրքը (1 ժամ 07′ 38″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներուն: