Մանչեսթըր Եունայթըտէն ամերիկեան Շիքակօ Ֆայըր խումբին միացած գերմանացի միջնապահ Պասթիան Շվայնսթայկըր, որ իր նորամուտը նշեց, նշանակեց «Մէյճըր լիկ»-ի իր առաջին կոլը` Մոնրէալ Իմփաքթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2-2):
Շվայնսթայկըր նորամուտի իր այս կոլը նշանակեց մրցումին 17-րդ վայրկեանին: