Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպանիոյ Փեթրեր Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 3, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ Փեթրեր քաղաքի քաղաքային խորհուրդը 30 մարտին որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն համապատասխան յայտարարութիւններով իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին խորհուրդին մէջ ներկայացուած գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը: Այս մասին յայտնած է Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ քաղաքային խորհուրդին կողմէ այս որոշումին որդեգրումը նախորդած էր նախապէս նոյնպէս Ցեղասպանութիւնը ճանչցած Էլտա քաղաքի հայերու «Արարատ» միութեան կողմէ կազմակերպուած եւ Մատրիտի «Հայ տուն» միութեան օժանդակութեամբ ու մասնակցութեամբ իրականացուած «Խաղաղութիւնը եւ համերաշխութիւնը ընդդէմ բռնութեան» խորագիրով մշակութային-տեղեկատուական երեկոն:

Ձեռնարկին հիւրերը, որոնց շարքին էին նաեւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, դասախօսութիւն-քննարկման, կարճատեւ վաւերագրական տեղեկատուական ժապաւէններու ցուցադրման, հայկական մշակոյթի նմուշներու եւ կատարումներու միջոցով ծանօթացան հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն մութ էջերուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական, տնտեսական, իրաւական եւ մշակութային հետեւանքներուն:

Մշակութային-տեղեկատուական երեկոյին յաջորդեց գեղանկարչական ցուցահանդէսի բացումը, ուր ցուցադրուած էին Հայաստանի վաստակաւոր գեղանկարիչ Աննա Յարութիւնեանի, Սպանիոյ մէջ բնակող գեղանկարիչ արուեստի պատմութեան եւ տեսութեան մասնագէտ Անահիտ Օհանեանի եւ Երեւանի Ք.Քուշնարեանի անուան արուեստի դպրոցի սաներու աշխատանքները:

 

 

Նախորդը

Լուսաւորիչի Շնորհաբաշխ Աջը Անգամ Մը Եւս Օրհնեց, Սրբեց Ու Լուսաւորեց Ուխտաւորներու Բազմութիւնը

Յաջորդը

ՄԱԿ Ղարաբաղի Հարցով «Առարկայական Բանակցութիւններու» Վերսկսման Կոչ Ուղղած Է

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.