Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջան Այցելութենէ Ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հանդէս Եկած Են Յայտարարութեամբ

March 30, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջան կատարած իրենց այցելութենէն ետք հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:

ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հոկլընտ (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 11 մարտին եղած են Պաքու, իսկ 27 մարտին` Երեւան, այնուհետեւ` Լեռնային Ղարաբաղ:

Ըստ յայտարարութեան, համանախագահներու շրջան կատարած այցելութեան նպատակն է ընդհանուր պատկերացում ունենալ շփման գիծի եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող քաղաքական, զինուորական իրավիճակին վերաբերեալ, քննարկել 2016-ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կողմերուն միջեւ գոյացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքը:

Համանախագահներու յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ անոնք հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու, արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ: Նաեւ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ:

Իշխանութիւններու հետ հանդիպումներուն ընթացքին  համանախագահները արտայայտած են իրենց խորին մտահոգութիւնները շփման գիծին մէջ պատահած վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ` կողմերուն կոչ ուղղելով իրենց ելոյթներուն եւ  գործողութիւններուն մէջ զսպուածութիւն ցուցաբերելու:

Համանախագահները առաջարկած են, որ յատկապէս Նովրուզի եւ Զատիկի տօներուն կողմերը խուսափին լարուածութեան սրումէն:

Անոնք յայտնած են նաեւ, որ պատրաստ են շարունակելու բանակցային հոլովոյթը` մինչեւ տագնապին խաղաղ եւ քաղաքական լուծում գտնուի:

Երկու երկիրներու իշխանութիւններուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին, ըստ յայտարարութեան, համանախագահները ընդգծած են դեսպան Քասփրչիքի առաքելութեան աջակցութիւնը եւ անոր սկզբունքային նշանակութիւնը: Համանախագահները նաեւ պնդած են, որ զինադադարի նկատմամբ յարգանքը կարեւոր է հետագայ  բանակցութիւններուն ընթացքին կառուցողական եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու համար:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ձեր Ձայնը Պիտի Որոշէ, Թէ Ձեր Ապագան Որո՛ւ Պիտի Յանձնէք»

Յաջորդը

Պիւֆոն Գերազանցեց Քասիասի Եւ Ասթաֆեւի Մրցանիշները

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Պէտք Է Ամուր Կանգնիլ Եւ «Ո՛չ» Ըսել Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Համատեղ Փաթեթին»

November 3, 2026
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

November 3, 2026
«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի,  Սակայն Կը Վստահի Երեւանին»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրան «Թրամփի Ուղի»-ին Շուրջ Լուրջ Մտահոգութիւններ Ունի, Սակայն Կը Վստահի Երեւանին» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.