Իտալական մամուլին համաձայն, Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի, մինչեւ 2020 պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Իտալիոյ ախոյեանին հետ: Սկզբունքով անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր յուլիս 2018-ին:
Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա, բանակցութիւններ ունեցած էր անոր հետ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը առաջարկելով անոր, փոխան` տարեկան 8,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձք մը առաջարկելով:
Ան 2014-էն ի վեր, Եուվենթուսի կազմին մէջ է:
Նշենք, որ Պարսելոնա արդէն իսկ սկսած է նոր մարզիչի մը փնտռտուքի աշխատանքին, որովհետեւ Լուիս Էնրիքէ այս տարեշրջանին աւարտին պիտի լքէ խումբը:



