Փարիզի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսա հետաքրքրուած չէ 2028-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելով:
Այս յայտարարութիւնը կատարեց Ֆրանսայի թիավարութեան ախոյեան Թոնի Էսթանկուէ, որ 2024-ի ողիմպիականի խաղերը հիւրընկալելու գծով Փարիզի թեկնածութիւնը առաջադրող յանձնախումբին փոխնախագահն է:
Ան ըսաւ, որ կա՛մ կը հիւրընկալեն 2024-ի ողիմպիականը, կամ երբեք:
Փարիզ, որ հիւրընկալած է 1924-ի խաղերը, այժմ իբրեւ գլխաւոր մրցակից ունի Լոս Անճելըսը, որ նախապէս երկու անգամ հիւրընկալած է այս խաղերը:
Նշենք, որ քանի մը այլ քաղաքներ, իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեցին:
2020-ի ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան Թոքիոյի մէջ: