Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին երէկ գիշեր, Գերմանիա Տորթմունտի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անգլիան` 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այս մրցումը, հանդիսացաւ միջազգային վերջին մրցումը, գերմանացի յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքիի համար, որ յայտարարած էր, թէ վերջ մը պիտի դնէ իր միջազգային ասպարէզին:
Մրցումին 69-րդ վայրկեանին Անտրէ Շիւրլէէն փոխանցում մը ստանալով` խմբապետ Փոտոլսքի յիշատակելի ձեւով մը աւարտեց իր միջազգային ասպարէզը, երբ նշանակեց մրցումին միակ կոլը, որով իր կազմը 1-0 արդիւնքով յաղթեց Անգլիոյ:
Օրուան իրաւարարն էր Տամիր Սքոմինա, որ իր դեղին կամ կարմիր քարտը երբեք չգործածեց: