Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Իշխանութեան Լաւագոյն Ձեւը Ժողովուրդին Արտօնելն Է, Որ Ինք Կատարէ Ատիկա»

Մարտ 23, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան ցանկը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան Գիւմրիի մէջ  ընտրողներուն ներկայացուց Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը:

Դիմելով գիւմրեցիներուն` ան նշեց, որ Գիւմրին առանձնայատուկ քաղաք է եւ կը գտնուի առանձնայատուկ խնդիրներ ունեցող մարզի մէջ:

Ռուստամեանի համաձայն, հիմա ամէն ինչ արմատական փոփոխութիւն կրած է, եւ այս ընտրութիւնը առանձնայատուկ է: «Կարելի է ըսել, որ Հայաստանի մէջ եզրափակուած է շրջան մը, եւ մենք մուտք պիտի գործենք մեր անկախութեան պատմութեան մէջ նոր ժամանակաշրջան մը: Ասոնք պարզապէս մեծ խօսքեր չեն, այլ ապրիլ 2-ին տեղի ունենալիքը պէտք է բեկում բերէ մեր երկրի զարգացման ընթացքին մէջ», ըսաւ ան:

Այնուհետեւ Ռուստամեան նշեց, որ անկախութենէն ետք, երբ մենք 1991-ին հրաժարեցանք խորհրդարանական համակարգէն եւ անցանք նախագահականին, սկսաւ խնդիրներու կուտակումը: «Ամէն ինչ կը կատարուէր, որպէսզի այս իշխանութիւնը պահպանուի: Չէինք մտածեր, որ այդ իշխանութիւնը ժողովուրդին ծառայելու համար է, եւ ոչ թէ տրուած է, որ սեղմ վարչախումբ մը վայելէ անկախութեան բերած պտուղները: Այս երեւոյթը այնքան խորացաւ, որ մենք, ունենալով երեք նախագահ, անձերու փոփոխութիւն, չկրցանք լուծել այն խնդիրները, որոնք այսօր մեր ժողովուրդին արդարացի դժգոհութեան տուն կու տան», հաստատեց Ռուստամեան:

Ըստ անոր, կայ քարերը նետելու եւ քարերը հաւաքելու ժամանակ, հիմա, ըստ անոր, եկած է քարերը հաւաքելու ժամանակը: «Ես վստահ եմ, եւ այդ է Դաշնակցութեան համոզումը, որ եթէ մենք ճիշդ ախտորոշում կատարենք, անոր հիման վրայ սկսինք քայլեր առնել, առողջացումը մեր աչքին առջեւ տեղի պիտի ունենայ», համոզում յայտնեց ան` աւելցնելով, որ այդ ախտորոշման լոյսին տակ Դաշնակցութիւնը հասած է այն եզրակացութեան, որ պէտք է ձերբազատիլ նախորդ համակարգի արատաւոր երեւոյթներէն:

«Կարելի չէ, որ ժողովրդավարական երկրի մը մէջ, որ արդէն 27 տարուան անկախութիւն ունի, ոչ մէկ անգամ իշխանութիւն փոխուի ընտրութիւններով. նման ժողովրդավարութիւն չի կրնար ըլլալ: Իրականութեան մէջ ընտրութիւնները կը ծառայեն մէկ քաղաքական ուժի վերարտադրութեան, եւ ասիկա է մեր գլխաւոր մարտահրաւէրը, պէտք է կարենանք ձերբազատիլ ասկէ, որպէսզի մարդոց վերադարձնենք ընտրելու իրաւունքը, վերադարձենք ընտրութիւններու ճամբով իշխանութիւն կազմելու իրաւունքը. ասիկա է, որ կորսնցուցած ենք: Մենք եկանք այն համոզումին, որ մեղաւորը համակարգն էր` որ կը տիրանար իշխանութեան, կը ստանար ամէն ինչ, իսկ պարտուողը` ոչինչ: Մենք ամէն ինչ ըրինք, որ միահեծան իշխանութեան բնորոշ համակարգ այլեւս գոյութիւն չունենայ», շեշտեց Ռուստամեան:

Ըստ Ռուստամեանի, իշխանափոխութեան լաւագոյն ձեւը թոյլատրելն է, որ ժողովուրդը կատարէ այդ մէկը, եւ ժողովուրդը կարելիութիւն ունի այդ մէկը ընելու ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն ճամբով:

Այնուհետեւ ան նշեց, որ իրենք կը ներկայանան ամբողջական ծրագիրով: «Մենք ձեւաւորած են այնպիսի համակարգ, որ իշխանութիւնը ըլլայ հաւասարակշռուած կազմէ բաղկացած: Որպէսզի կարենանք արագ փոփոխութիւններ արձանագրել, պէտք է ունենալ լաւ խորհրդարան: Վստահեցէք այն քաղաքական ուժին, որ բաւական երկար ուղի անցած է: Քաղաքական ուժ մը ընտրելու ատեն նկատի առնէք անոր կենսագրութիւնն ու կենսականութիւնը: Հաւատացէք անոր, որ ձեզ չէ խաբած, ոչ թէ` անոնց, որոնք չես գիտեր ինչ պիտի բերեն մեր գլխուն. ի վերջոյ, ասիկա փորձադաշտ չէ: Քիչ ժամանակ մնացած է մինչեւ 2 ապրիլ, ձեր հաշիւները լաւապէս կատարեցէք եւ ընտրեցէք Դաշնակցութիւն, որ օր առաջ կարելի ըլլայ տեսնել բոլորիս երազած Հայաստանը»:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Յայտարարութիւնը` Սամուէլ Բաբայեանը Ձերբակալուած Է

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?