Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ Մէյրուպա կը հիւրընկալէ Թատամոնը:
Մէյրուպա, որ կը գրաւէ դասաւորման 10-րդ եւ վերջին դիրքը, շատ չնչին յոյս ունի «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն մասնակցելու, մինչ Թատամոն գրեթէ ապահոված կը թուի ըլլալ իր տոմսը: