«Ֆինիքս ֆայթինկ Չեմփիընշիփ»-ի ընդհանուր տնօրէն Շահէ Երեւանեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 29 ապրիլին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ խառն մենամարտի («MMA») «Ֆինիքս-2» մրցաշարքը` հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի:
Ան ըսաւ, որ «Ֆինիքս-1»-ի ձեռք ձգած մեծ յաջողութեան շնորհիւ անոր կը յաջորդէ երկրորդը` նկատի ունենալով, որ անոր ներկայ գտնուող մեծաթիւ հանդիսականները եկան ապացուցելու, որ անիկա կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ:
Երեւանեան ըսաւ, որ ապրիլին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` այդ մրցաշարքին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու համար: