Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նովրուզի առիթով հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղած է Հայաստանի քրտական համայնքին.
«Հայաստանի քրտական համայնքի յարգելի՛ ներկայացուցիչներ,
Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ Նովրուզի առիթով:
Գարնանային այս գեղեցիկ տօնը, բնութեան զարթօնքն ու նոր տարին ուրախութեամբ կը լեցնեն բոլորիս սրտերը: Հայաստանի քաղաքացիները իրենց քիւրտ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ կը կիսեն Նովրուզի բերկրանքը:
Յարգելի՛ քիւրտ հայրենակիցներ,
Կրկին շնորհաւորելով այս պայծառ տօնին առիթով` ձեզի կը մաղթեմ բարձր տրամադրութիւն, եւ թող բացուող գարունը լաւատեսութեամբ ու երջանկութեամբ լեցնէ ձեր կեանքը եւ աւելի ջերմացնէ մեր դարաւոր բարեկամութիւնը:
Շնորհաւո՛ր Նովրուզ»:



