Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրակաշառքով Որոշուած Ընտրութիւններուն Արդիւնքով Մենք Երբե՛ք Չենք Կրնար Հզօր Հայաստան Ունենալ

March 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Սեւան քաղաքին մէջ  կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան հանդիպում ունեցաւ ընտրողներու հետ եւ ներկայացուց ՀՅԴ-ի ծրագիրը:

Դիմելով ներկաներուն` ան նշեց, որ անոնց մեծ մասը կրթական համակարգի ներկայացուցիչներ են, ապա ընդգծեց, որ մեր կրթական համակարգը մէկ գործառոյթ ունի` ապահովել հայ տեսակի շարունակականութիւնը:

Այնուհետեւ նախարարը ներկայացուց, թէ ՀՅԴ-ն ի՛նչ սկզբունքներով կը մասնակցի այս ընտրութիւններուն, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ երկրին  ապագան, եւ խօսեցաւ պետական համակարգի վերաբերեալ ՀՅԴ-ի պատկերացումներուն մասին:

«Դաշնակցութիւնը աւելի քան 100 տարուան պատմութիւն ունի, եւ ՀՅԴ-ի համար երկու կարեւոր ուղղութիւններ միշտ եղած են սկզբունքային: Մէկը մեր ազգային ուղղուածութիւնն է, միւսը այն է, որ մեզ դարձուց աշխարհի առաջին կուսակցութիւններէն մէկը, որ անդամագրուեցաւ  միջազգային Ընկերվար միջազգայնականին», ըսաւ ան` աւելցնելով, թէ իրենց համար կարեւոր է մարդու արժանապատուութիւնն ու մարդու շահերու պաշտպանութիւնը:

Ըստ Մկրտչեանի` երկիրը չի կրնար հզօր, ուժեղ ըլլալ, եթէ այդ երկրի քաղաքացիները իրենց յարաբերութիւնները չեն կառուցեր արդարութեան, հաւասարութեան սկզբունքներու վրայ:

Ըստ Մկրտչեանի` Դաշնակցութիւնը 25 տարի է կը գործէ Հայաստանի մէջ եւ այդ 25 տարուան ընթացքին իր քաղաքական ուղին չէ փոխած: Ան նշեց, որ Դաշնակցութեան համար պատմութեան ընթացքին երեք կարեւոր արժէքներ ստեղծուած են` անհատը, այդ անհատներու  միասնութիւնը` ընտանիքը, այդ ընտանիքներու միասնութիւնը` ազգը:

«Ընտրակաշառքով որոշուած ընտրութիւններու արդիւնքով մենք երբեք հզօր Հայաստան չենք կրնար ունենալ: Այդ պատճառով մենք կոչ կ՛ուղղենք ձեզի, որ դուք նայիք իւրաքանչիւր կուսակցութեան անցած ուղիին, նոյնիսկ եթէ այդ կուսակցութիւնները քանի մը տարին անգամ մը անուններ կը փոխեն, նայեցէք` որքանով այդ ճամբան մնացած է նոյնը, հաւասարակշռուած, որքանով այդ կազմակերպութիւնը հաւատարիմ մնացած է իր արժէքներուն: Եթէ չէք ընդունիր ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութիւնը, քուէարկեցէք այլ քաղաքական կուսակցութեան օգտին, բայց իսկական քուէարկեցէք, մի՛ երթաք ոչ մէկ սկզբունք ունեցող, դեռ չձեւաւորուած քաղաքական ուժերու ետեւէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մեր հարցերէն մէկն ալ այն է, որ մեր մօտ քաղաքական մշակոյթը տակաւին  կայացած չէ:

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Պելճիքացի Խորհրդարանականներու Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Խաղաղութիւնը Չեն Մուրար, Այլ Կը Պարտադրեն»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.