Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Կեանք Ու Կռիւ 1» Եւ «Կեանք Ու Կռիւ 2» Ժապաւէններու Բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեանին Հետ

Մարտ 20, 2017
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ֆոնտ – Լիբանան»-ի, Մհեր Մկրտչեանի «Կեանք ու կռիւ 1» եւ «Կեանք ու կռիւ 2» ժապաւէններու ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20- 23 մարտ 2017-ին, «Սինեմա Սիթի»-ի եւ «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահներուն մէջ:

Ձեռնարկին ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներուն: Զոյգ ժապաւէններու ցուցադրութեան առիթով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ ժապաւէններու բեմադրիչ Մհեր Մկրտչեանին հետ: Յայտնենք, որ 2016-ին «Փան Արմինիըն Ինթըրթեյմընթ աուըրտզ- 2016» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ  «Կեանք ու կռիւ»-ը արժանացած է «Տարուան լաւագոյն ֆիլմ» մրցանակին, իսկ Ազգային  արտադրութեան ժապաւէններու «Անահիտ»  առաջին  մրցանակաբաշխութեան ժամանակ  ժապաւէնը քանի մը մրցանակներ նուաճած է:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս ծնաւ «Կեանք ու կռիւ 2» ժապաւէնը նկարելու գաղափարը: Որքա՞ն ժամանակ անց «Կեանք ու կռիւ 1»-էն: Երկրորդը առաջինին շարունակութի՞ւնն է թեմայով, արծարծուած գաղափարներով եւ հերոսներով, թէ՞ կը տարբերի:

ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ.- Ժապաւէնի գրական հիմքը կար, սկիզբէն մենք կը մտածէինք 2-րդ ժապաւէնի մասին, որովհետեւ հետաքրքիր էր, թէ ի՛նչ ճակատագիր կ՛ունենան հերոսները, բայց ապրիլեան պատերազմը որոշ բաներ փոխեց եւ ստիպեց նորովի նայել 2-րդ մասին ու նոր հայեացք գցել: Մենք հասկացանք, որ պատերազմը չէ աւարտած: Այն կայ նոյնիսկ 25 տարի անց:

«Ա.»- Անցնող տասնամեակներուն բազմաթիւ ժապաւէններ պատրաստուեցան Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մասին պատմող. ինչո՞վ կը յատկանշուին ձեր ժապաւէնները` պատումի առումով, նկարահանումներու, շօշափած խնդիրներուն, գաղափարներուն եւ այլն:

Մ. Մ.- Դժուար է պատասխանել, թէ ինչո՛վ կը տարբերի, այդ պէտք է հանդիսատեսը որոշէ, իմ համար դժուար է  խօսել իմ ժապաւէնի մասին: Իսկ ժապաւէնի ասելիքները շատ են… Իմ համար ամենակարեւորն այն է, որ  ես փորձել եմ ստեղծել նոր հերոսի կերպար, այն հերոսին, որին հանդիսատեսը իրեն մօտ կ՛ընդունի:

«Ա.».- Կ՛ըսուի, թէ ամէնէն յաջողած ժապաւէններէն է. ինչո՞վ պայմանաւորուած է այդ յաջողութիւնը:

Մ. Մ.- Պայմանաւորուած է միշտ երկու բանով. դուն պէտք է ունենաս լաւ անձնակազմ եւ ունենաս հնարաւորութիւն ստեղծելու լաւ ժապաւէններ, մնացածը կախուած է քո շնորհքից ու քո փորձից եւ ամենակարեւորը, որ յարգես հանդիսատեսին:

 

«Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնը սիրոյ, ընկերութեան եւ հայրենասիրութեան, 90-ական թուականներու Երեւանի ու Արցախի, մարդկային ու ընկերային յարաբերութիւններու մասին է:

«Կեանք ու կռիւ 2. 25 տարի անց» ժապաւէնին հերոսներուն ճամբով հանդիսատեսը ականատես կ՛ըլլայ արցախահայութեան եւ ազատամարտիկներուն անցած ուղիին. արդարեւ, 25 տարի ետք տակաւին պատերազմ է, թշնամիին քաղաքականութիւնը չէ փոխուած, ապրիլեան ահաւոր դէպքերը վերաթարմացուցին այդ բոլորը: Ժապաւէնին մէջ կայ սէր` զինուորը պատերազմէն տուն հասցնող սէր: Ատիկա միակ բանն է, որ կ՛ապրեցնէ` թէ՛ կեանքի մէջ, եւ թէ կռիւի ընթացքին:

Ժապաւէնը արցախեան պատերազմին մասին չէ, այլ այն երիտասարդներուն, որոնց կեանքը այլ ընթացք ստացաւ պատերազմին բերումով:

Զոյգ ժապաւէններուն մէջ ալ կան հիմնական պատգամներ` վերարժեւորել կեանքը, գնահատել շրջապատը, մարդիկ, սիրել հայրենիքը:

Հոն զուգահեռ կ՛ընթանան պատերազմն ու սէրը` կեանքը:

Նախորդը

Ընտրակաշառքի Եւ Գաղափարի Միջեւ Կռիւն Է (Չակերտաւոր Խոստումը Կեղծ Է)

Յաջորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Խորհրդարանական Համակարգի Բարիքները

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?