Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՅՈՅՍՍ ԴՈՒՔ ԷՔ…» (ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԵԱՆԻ` «ՀԷՆՑ»Ի ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

October 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի թաղամասերէն Արագածի շրջանը սուգի մէջ է քառասուն օրէ ի վեր: Ոչ ոք կ՛ուզէ հաշտուիլ դառն իրականութեան հետ:

Ընկեր «Հէնցը» չկա՞յ այլեւս: Բոլորին ծանօթ ընկեր «Հէնցը» պիտի չքալէ՞ այլեւս Արագածի իր սիրած թաղերուն մէջ եւ ամէն անգամ որ ընկերոջ մը հանդիպի` երկարօրէն պիտի չզրուցէ՞ անոր հետ` ազգային-կուսակցական հարցերու շուրջ:

Դաշնակցութեան այս «անկեղծ զինուորը» պիտի փնտռեն բոլո՛րը, քանի ան կը փնտռէր ու կը հետաքրքրուէր բոլորով:

Երեւոյթ մըն էր ան, իր անունով, ապրելու եւ գործելու դաշնակցական ոճով:

Շատերը չէին ճանչնար զինք իր ընտանեկան, հարազատ անունով, որովհետեւ կանուխ տարիքէն Գրիգոր Արիստակէսեան չունէր նեղ ընտանեկան, անձնական կեանք, անոր կեանքը ձուլուած էր իր պաշտած կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան առօրեային հետ, անձնականը տեղի տուած էր ընդհանրականին, հաւաքականի՛ն` այնքան մը, որ հարազատ անունն իսկ մոռցուած էր եւ փոխարինուած էր պատերազմի օրերու կեղծանունով:

Ընկեր «Հէնց» հասակ նետած էր «Դրօ» կոմիտէութեան շուքին տակ, Արագածի համեստ թաղերուն մէջ, միշտ մնալով խոնարհ ծառայ մը իր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին: Հազիւ 18 տարեկան, ան երդումը կու տայ անմնացորդ ծառայելու հայութեան սրբազան դատին` «եթէ հարկ ըլլայ` արեան գնով»ի վճռակամութեամբ:

Վրայ կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ հազիւ 22-ամեայ այս երիտասարդը, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի անդամը, կը նետուի Պուրճ Համուտի Արագած թաղի ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ եւ, իր սերունդի բոլոր տղոց նման, դաշնակցականի արեան մկրտութիւնը կը ստանայ` գերագոյն զոհաբերութիւններով եւ անսակարկ նուիրաբերումով:

Պատերազմի ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ իսկ, ընկեր «Հէնց» հաւատարիմ կը մնայ իր երդումին եւ չի լքեր իր ժողովուրդն ու շրջանը: Նապաայի մուտքին` «Օթել կէմիկի»ի վտանգաւոր թաղամասին մէջ, ան երկար տարիներ կը կատարէ պահապան հրեշտակի դեր: Երիտասարդ պահակ տղոց գլուխը կանգնած, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, ան կը հսկէ շրջանի անդորրութեան, կը հասնի բոլորին կարիքներուն, յաճախ կեանքը վտանգելու գնով:

Ան մահը ճակատէ՛ն կը դիմագրաւէ, երբ շրջան մը կը մասնակցի արեւմտեան Պէյրութի ազգային մեր հաստատութիւններու պաշտպանութեան գործին: «Ազդակ»ի յարկին տակ, ան քանի՜-քանի՜ գիշերներ անքուն կը լուսցնէ, որպէսզի հայ թերթը անխափան լոյս տեսնէ եւ ազգային-կուսակցական իր առաքելութիւնը շարունակէ:

Խաղաղութեան օրերուն ընկեր «Հէնց» կը նուիրուի իրեն այնքան սիրելի «Խանասոր» Պատանեկան միութեան վարչութեան գործին, ուր երեւան կու գայ դաշնակցականի իր ամբողջ կերպարը. լրջութիւն` կուսակցական գործի նկատմամբ, խստապահանջութիւն` բարոյական արժէքներու հանդէպ, իսկ ամէնէն կարեւորը` հաւատք ու եռանդ կուսակցական դաստիարակութեան մօտեցումներու մէջ:

«Քապոյ Անդրանիկ»ներու շունչին տակ հասակ առած նուիրեալ այս ընկերը մինչեւ վերջ ալ կը հպարտանար իր պատանիներով, որոնցմէ ոմանք այսօր հասած են հանրային-կուսակցական պատասխանատու դիրքերու: «Եթէ բան մը չեմ ըրած, գոնէ այս տղաքը պատրաստած եմ», կ՛ըսէր ան լուռ գոհունակութեամբ մը:

Ո՞վ չէր լսած ընկեր «Հէնցին» մասին: Ո՞վ ծանօթութիւն չունէր անոր հետ: Արագածի բնակիչ թէ Արագած այցելող ամէն կուսակցական անպայման առիթը կ՛ունենար հանդիպելու եւ զրուցելու անոր հետ: Հաճելի սեղանակից էր ան, փնտռուած զրուցակից: Մեծին թէ փոքրին հետ խօսելու նիւթ մը ունէր անպայման: Կը տագնապէր մեր կեանքի թերութիւններով, չէր հաշտուեր ընկրկումներու եւ արժէքներու նահանջի երեւոյթներուն հետ, եւ կը խրախուսէր նորերը` նետուելու կուսակցական ծառայութեան դաշտ, աւելի լաւ ապագայի մը հեռանկարով:

Մտաւորական լայն հետաքրքրութիւններ չունէր ընկեր «Հէնց», սակայն ան մեծ յարգանք ունէր մտաւորական եւ գաղափարական պատրաստութեան տէր ընկերներու հանդէպ: Տեւաբար ան խօսակիցը կը դառնար անոնց, մտիկ կ՛ընէր զանոնք եւ, իր կարգին, կեանքի իր փորձառութիւնները կը փոխանցէր անոնց:

Լիբանանեան պատերազմի աւարտէն ետք, ընկեր «Հէնց» հաւատաւոր իր աշխատանքը շարունակեց տարբեր ձեւերով: Ան յաճախ եղաւ կոմիտէի անդամ, ստանձնեց զանազան պատասխանատուութիւններ, զբաղեցաւ թաղային տեսակաւոր հարցերով եւ միշտ առաւելագոյնը տուաւ կուսակցութեան, առանց որեւէ բան ակնկալելու անկէ:

Հազիւ 58 տարիներ բոլորած այս ընկերը տակաւին շատ բաներ ունէր տալիք իր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին, բայց ափսո՜ս, որ մահը նենգօրէն զգետնեց զայն, երբ չկրցաւ զայն պարտութեան մատնել պատնէշի վրայ գտնուած միջոցին:

Ընկեր «Հէնց» քառասուն օրէ մեկնած է անդարձ, բայց Արագածի իւրաքանչիւր թաղին մէջ յիշատակ մը մնացած է իրմէ: «Դրօ» կոմիտէութեան ընկերներէն ամէն մէկը քաղցր յուշերու եւ տպաւորութիւններու շտեմարան մը կը պահէ իրմէ:

Մեկնեցաւ ան` այն մխիթարութեամբ, որ իր դաստիարակած պատանիները, իր շուքին տակ մեծցած երիտասարդ տղաքը, պիտի շարունակեն իր գործը անդուլ եւ անվկանդ:

Մեկնեցաւ` «Յոյսս դուք էք…»ի պատգամով:

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Նախորդը

ՏԻՊԱՐ ՎԱՐԻՉԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.