Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԻՊԱՐ ՎԱՐԻՉԸ

October 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1977 յուլիս ամիսն է: Կը հասնինք Այնճար, պատանիներու բանակավայրը: Մեզմէ առաջ հասած էին արդէն զանազան պատանեկան միութիւններ եւ պատանիները խմբուած` կը զրուցէին սպասելով մնացեալներու ժամանումին: Վարիչները բոլորուած էին ժամացոյցին տակը: Ոչ ոք կը ճանչնայի, որովհետեւ նոր նշանակուած էի վարչուհի ՀՅԴ «Դանիէլ Վարուժան» պատանեկան միութեան: Մօտեցայ իրենց, բարեւեցի եւ ծանօթացուցի ինքզինքս: Ընկեր մը մօտեցաւ եւ ինքզինք ներկայացուց. «Ես ընկեր Հէնցն եմ»: Այդ օրէն սկսաւ մեր ընկերութիւնը, որ տեւեց երկար տարիներ:

Մէկ շաբթուան բանակումի ընթացքին հասկցայ, թէ ինչո՛ւ ստացած էր այդ մակդիրը իր անուան փոխարէն: Հանդարտ քայլուածքով, խիստ նայուածքով կը շրջէր բանակավայրին մէջ եւ իւրաքանչիւրին պէտք եղած ցուցմունքն ու թելադրանքը կը կատարէր: Պատանիները, երբ հեռուէն զինք տեսնէին, կը սպասէին, թէ ի՛նչ դիտողութիւն պիտի ստանային: Իր մեկնակէտը եղած էր լաւ կուսակցականներ պատրաստելը:

Բանակումներու ընթացքին դրուագներ շատ են, որոնք կապուած են քեզի, ընկ. Հէնց, սակայն կարելի չէ բոլորն ալ մէկ առ մէկ թուել:

Վարիչի պարտականութենէն բնաւ չէ խուսափած:

Շատ լաւ ձեւով կառավարած է շրջանի «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութիւնը երկար տարիներ շարունակ: Ժողովներու ընթացքին, երբ սրահ մուտք գործէր, քար լռութիւն կը տիրէր, իւրաքանչիւր պատանի գիտէր իր պարտականութիւնը:

Ընկերներէ նիւթական ապահովելով` խրախճանքներ եւ պտոյտներ կը կազմակերպէր պատանիները ուրախացնելու համար: Հակառակ իր խստութեան` ընկերային էր բոլորին հետ:

Վարիչ-վարչուհիներու նկատմամբ մասնաւոր յարգանք ունէր: Յաճախ կարծիքներու փոխանակում տեղի կ՛ունենար, եւ ինք կ՛ըսէր. «Շատ բարձր բառեր մի գործածէք, հասկնալի թող ըլլայ ձեր ըսածը»:

Միշտ կը փափաքէր, որ իրարու հետ լաւ յարաբերութիւն մշակեն, որպէսզի պատանեկան միութիւնները հեզասահ ընթացքի մէջ ըլլան:

Սերունդներ պատրաստեցիր եւ կերտեցիր զանոնք իբրեւ լաւ կուսակցականներ: Վարձքդ կատար, յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ բոլոր ընկերներուդ մօտ:

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Նախորդը

ԱՐՈՒՍ ԳՈՒԼԱՆԵԱՆԻ ՓՈՔՐԻԿ ԲՈՒՐԱՍՏԱՆԸ

Յաջորդը

«ՅՈՅՍՍ ԴՈՒՔ ԷՔ…» (ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԻՍՏԱԿԷՍԵԱՆԻ` «ՀԷՆՑ»Ի ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.