Եւրոպական խորհուրդի լրագրութեան եւ լրագրողներու ապահովութեան պաշտպանութեան խթանման մարմինը 7 մարտին յայտարարութիւն մը տարածած է` ահազանգ հնչեցնելով Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած ռուս լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի սպառնացող դատավարութեան առնչութեամբ:
Եւրոպական խորհուրդի կայքը կը յիշեցնէ, թէ Լափշին ձերբակալուած է Մինսքի մէջ, 15 դեկտեմբեր 2016-ին, Ազրպէյճանի դիմումին համաձայն, իսկ 7 փետրուարին արտայանձնուած է Պաքուի:
Լափշին կրնայ ութ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ` ապրիլ 2011-ին, հոկտեմբեր 2012-ին եւ յունիս 2016-ին Արցախ այցելելուն, «հակապետական կոչեր» հնչեցնելուն եւ Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար: