Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը` Չաւուշօղլուին. «Գերմանիոյ Իշխանութիւններուն Եւ Նացիներուն Միջեւ Համեմատութիւն Կատարելը Կարմիր Գիծ Մըն Է, Որ Պէտք Չէ Շրջանցել»

March 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ 7 մարտին հանդիպում ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Կապրիէլ ըսած է. «Երկխօսութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի, որովհետեւ ատիկա միակ ուղին է, որով կրնանք քայլ առ քայլ վերադառնալ բնականոն եւ բարեկամական յարաբերութիւններու»:

«Երկկողմանի յարաբերութիւններուն երկարատեւ վնաս պատճառելը ո՛չ Գերմանիոյ, ո՛չ ալ Թուրքիոյ շահերէն կը բխի», յայտնած է ան:

Հանդիպումէն ետք գերմանական դիւանագիտութեան ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ «բանակցութիւնները դժուար էին»` աւելցնելով, որ որեւէ վէճի պարագային Անգարայի կողմէ Գերմանիոյ կառավարութեան եւ նացիներու միջեւ համեմատութիւն կատարելը «կարմիր գիծ մըն է, որ պէտք չէ շրջանցել»:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Կապրիէլ-Չաւուշօղլու հանդիպումէն ետք յայտնի դարձած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ խոստացած է, որ գերմանացի հիւպատոսները կարելիութիւն պիտի ունենան այցելելու գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի բանտ գտնուող թուրք-գերմանացի լրագրող Տենիզ Եուճելին:

Կը նշուի, որ հանդիպումին ժամանակ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը թրքական կողմէն պահանջած է կատարել Եըլտըրըմի` նախապէս Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին տուած խոստումը եւ հիւպատոսներուն արտօնել տեսակցիլ Եուճելի հետ:

Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու Պերլինի մէջ զբօսաշրջութեան տօնավաճառին ընթացքին հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ իր հանդիպումին մասին` յայտնելով, որ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին նպատակն էր վերջին շրջանին թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած լարուածութեան յաղթահարումը:

«Մենք Գերմանիոյ հետ մեր ճամբան կ՛ուզենք անցնիլ բարեկամաբար, սակայն Գերմանիան նոյնպէս պէտք է որոշում տայ», ըսած է ան` ընդգծելով, որ հանդիպումին ժամանակ իր գործընկերը բաւական դրական տեսակէտներ յայտնած է թուրք-գերմանական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ:

«Մենք Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած որեւէ ընտրութեան չենք միջամտած, եւ Գերմանիան ալ պէտք չէ միջամտէ մեր ընտրութիւններուն, որովհետեւ ասիկա ներքին հարց է: Մենք ալ չենք միջամտեր որեւէ երկրի ընտրութիւններուն եւ ներքին գործերուն ու կ՛ակնկալենք, որ մեր բարեկամ Գերմանիան եւս այդպէս վարուի», նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Միւս կողմէ, «Միլլիյէթ» կը հաղորդէ, որ նախքան իր գերմանացի պաշտօնակիցին հետ հանդիպումը, Չաւուշօղլու Համպուրկի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի շէնքին մէջ Գերմանիոյ թուրք համայնքին հետ հանդիպումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Գերմանիոյ ներկայացուցիչներէն պահանջած է Անգարային դասախօսութիւններ կարդալէ դադրիլ:

«Բա՛ւ է մեզի մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ կարդաք», ըսած է ան եւ յայտարարած Թուրքիոյ հետ Գերմանիոյ «պարբերական դիմակայութեան» մասին:

 

 

Նախորդը

«Ամերիկեան Իշխանութիւնները Որոշած Են Ռաքքայէն ՏԱՀԵՇ-ի Վտարման Համար Օգտագործել Քրտական Ջոկատները» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Կը Դատապարտէ Գերմանիոյ Իշխանութիւնները Նացիներուն Հետ Համեմատելու Էրտողանի Քայլը

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.