Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ որեւէ ժամանակ կրնայ երթալ Գերմանիա, իսկ եթէ իրեն մուտք գործել չձգեն, ոտքի պիտի հանէ ամբողջ աշխարհը:
«Եթէ ուզեմ` պիտի երթամ: Եթէ զիս դռնէն ներս չձգէք` աշխարհը ոտքի պիտի հանեմ», յայտարարած է Էրտողան:
Նշենք, որ գերմանական լրատուամիջոցները կը պահանջեն Էրտողանի Գերմանիա մուտքը չարտօնել:
Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Անհեթեթ Կը Նկատէ
Էրտողանի Յայտարարութիւնը
Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ արձագանգեց Էրտողանի այն յայտարարութեան, որուն մէջ ան Գերմանիան մեղադրած էր նացիական կեցուածք դրսեւորելու ամբաստանութեամբ:
«Նացիական համեմատութիւնները միշտ ալ անհեթեթ են եւ անտեղի», յատարարեց Զայպերթ` աւելցնելով, որ գերմանական կառավարութիւնը միշտ ալ մեծ կարեւորութիւն տուած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, իսկ «ներկայ օրերուն խոր տարակարծութիւններ կան»:
Ան անգամ մը եւս թրքական կողմը յորդորեց ազատ արձակելու գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի թուրք լրագրող Տենիզ Եուճելը:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնած է, որ Պերլինի եւ Անգարայի յարաբերութիւնները «շատ լարուած» են եւ անհրաժեշտ է զանոնք բնականոնացնել:
«Յարաբերութիւնները շատ լարուած են, այժմ մեր խնդիրը զանոնք բնականոնացնելն է», ըսած է ան` աւելցնելով. «Իւրաքանչիւրը պէտք է ատոր համար օգտագործէ բոլոր կարելիութիւնները»: