Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայմուր Ժոմպլաթ Կը Հաստատէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Իր Մասնակցութիւնը

March 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները ինծի համար պիտի ըլլան կարեւոր փուլ մը` փաստելու ինքզինքս: Այդ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցիմ ամբողջական ընտրացանկով, որուն մաս պիտի կազմեն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընկերներ, հին դաշնակիցներ, ինչպէս նաեւ նոր, ատակ ու ներկայացուցչութեան արժանի դէմքեր», ըսաւ ան:

Թայմուր Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը քաղաքական այն հազուագիւտ ուժերէն մէկն է, որուն կ՛անդամակցին բոլոր համայնքներէն անձեր:

Անդրադառնալով հիմնական երկու հարցերու` աղբի եւ ելեկտրականութեան թղթածրարներուն, Թայմուր Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական անպատկառութիւն գոյութիւն ունի: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիին մօտ համայնքայնութիւնը կը գերազանցէ հայրենասիրութեան` այդ իրականութեան պատասխանատու նկատելով երկրին քաղաքական ուժերը:

Թայմուր Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը փորձանք է, իսկ խորհրդարանը թափուր դրութեան մատնելը աւելի լուրջ պատուհաս մը:

Ֆախրէտտին – Պոկտանով Հանդիպում

Միւս կողմէ, Ուալիտ Ժոմպլաթ իր անձնական ներկայացուցիչը` Հալիմ Պու Ֆախրէտտինը գործուղեց Մոսկուա, հանդիպում մը ունենալու համար Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ներքին լիբանանեան եւ շրջանային առումով: Քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ տագնապը, անոր զարգացումներն ու լիբանանեան եւ արաբական շրջանակներուն վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Հանդիպումին ընթացքին թեքնիք պատճառներով կարելի չեղաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը հաստատել Պոկտանովի կողմէ երեսփոխան Ժոմպլաթի հետ: Երկու կողմերը շեշտեցին երկկողմանի բարեկամութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ֆընիանոս Ստորագրեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Ընդարձակելու Յատուկ Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Յայտարարեց Քաջալերական Յատուկ Սակերով Փաթեթ Մը. «Այս Նախաձեռնութիւնը Կը Միտի Զբօսաշրջիկը Քաջալերել` Լիբանան Այցելելու» Ընդգծեց Ա. Կիտանեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.