«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Էլմար Մամետեարով 6 մարտին բանակցութիւններ պիտի կատարեն Մոսկուայի մէջ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական այցելութեամբ Ռուսիա պիտի գտնուի 6-7 մարտին:
Զախարովա կը հաղորդէ, որ Մամետեարով Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ իր ռուս պաշտօնակիցին, փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինի եւ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Իլիաս Ումախանովի հետ:
«Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան պետերը պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններու, շրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ», ըսած է ան:
Մամետեարով նախապէս յայտարարած էր, որ մարտին պիտի այցելէ Մոսկուա եւ հանդիպում պիտի ունենայ Լաւրովի հետ:
Ան նշած էր, որ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակով համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
«Պիտի ըլլան հանդիպումներ Ռուսիոյ կառավարութեան եւ Տումայի մէջ: Նախատեսուած է, որ խօսք արտասանեմ Դիւանագիտական ակադեմիային մէջ: Մենք Լաւրովի հետ բացումը պիտի կատարենք Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու 25-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին», յայտարարած է Մամետեարով: