Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արա Տապանճեանի Եւ Արէն Էմիրզեանի «Փափաք»-ի Իւրայատուկ Իրականացում

Մարտ 3, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին, երէկ` հինգշաբթի, 2 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Արա Տապանճեան եւ Արէն Էմիրզեան հանդէս եկան զուգերգներու աննախընթաց ելոյթով մը, որ կը կրէր «Փափաք» խորագիրը` արուեստասէրներուն ներկայացնելով արեւմտահայերէնի կարգ մը սիրելի բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններ` նոր յօրինուած իւրայատուկ մեղեդիներով ու երաժշտութեամբ:

Ելոյթէն առաջ խօսք առաւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէն, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ լուսարձակի տակ առաւ երկու տարի առաջ կրկին կայանին նախաձեռնութեամբ Արա Տապանճեանի հիմնած «Էլեմընթ» խումբի ելոյթը, որ օրին մեծ ընդունելութիւն գտաւ լիբանանահայ արուեստասէրներուն կողմէ: Ապա ան ըսաւ, թէ քանի մը ամիս առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է նոյն խումբի անդամներէն, երգիչ Արէն Էմիրզեանէն, որ տեղեկացուցած է, թէ Արա Տապանճեանին հետ նախաձեռնած են զուգերգներու «Սի. տի.»-ի մը պատրաստութեան` «Փափաք» անունով, եւ կը փափաքին իրենց երաժշտական շրջագայութիւնը սկսիլ Լիբանանէն: «Վանայ ձայն» ընդառաջած է անոնց առաջարկին եւ կազմակերպած այս գիշերուան ելոյթը, որպէսզի լիբանանահայ ունկնդիրները առիթը ունենան այս երկու արուեստագէտներուն իւրայատուկ երգերով ու երաժշտութեամբ հաղորդուիլ:

Ապա բեմ բարձրացան Արա Տապանճեան եւ Արէն Էմիրզեան, որոնք Արէնին յօրինած երաժշտութիւններուն վրայ երբեմն մեղմ, երբեմն աշխուժ կշռոյթով կիթառի վրայ նուագեցին ու երգեցին մեր յայտնի գրողներու` Մեծարենցի, Թէքէեանի եւ Զարիֆեանի քերթուածները` «Հիւղը», «Վայրի ծաղիկ»-ը, Ռուբէն Սեւակի «Պոռնիկը», նաեւ` «Հինգալլա»-ն, «Օրօր»-ը, «Կեանքիդ արեւին մատաղ»-ը, «Ժպտուն աչքեր»-ը եւ այլն:

Անոնք յայտնեցին, որ իրենք հոգեկան հաղորդութեան մէջ են իրենց վաղամեռիկ ընկերոջ` Բարսեղ Թոփճեանին հետ, ինչպէս նաեւ կարգ մը երգերու պարագային ներշնչուած են «Յարդար» (Յարութ Պեզճեան եւ Վիգէն Դարբինեան) զոյգէն, որոնց նկատմամբ իրենց սէրը նաեւ կամրջող ազդակ հանդիսացած է Արային եւ Արէնին միջեւ:

Արեւմտահայ մեր հանճարեղ գրողներու գործերը յաւերժացնելու միտումով եղած այս նախաձեռնութեան արդիւնքը բաւական ոգեշնչող է ու գնահատելի, որովհետեւ մոռացութեան մատնուած գեղեցիկ քերթուածները այսպիսով կը թարմանան եւ իբրեւ հեղինակային երգ կը դրուին շրջանառութեան մէջ` երիտասարդները հաղորդակից դարձնելով մեր արժէքաւոր գրողներուն հետ:

Ամբողջ ելոյթին ընթացքին սրահին մէջ տիրական էր ուրախութիւնն ու յուզումը, կատակն ու լրջութիւնը, անմիջականութիւնն ու հանդիսաւորութիւնը, հնչեցին երգեր մարդկային կեանքի տարբեր պատկերները, մարդուն ներաշխարհը մարմնաւորող ու զգացական ամէնէն նուրբ լարերուն վրայ հաճելի նուագներ հնչեցնող:

«Փափաք»-ը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտէն` հայութեան բաբախուն սիրտէն, տարածուելու համար աշխարհի չորս ծագեր` հոն, ուր հայ կայ` այն փափաքով, որ կրկին լսուին Զարիֆեանի, Թէքէեանի, Մեծարենցի, Սեւակի գեղեցիկ ստեղծագործութիւնները` Արէն-Արա զոյգին մատնահետքերով ու դրոշմով:

Աւարտին Արա Տապանճեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ ձայն»-ին` կայանին քաջալերանքին ու նեցուկին համար:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եգիպտոսի Սիւննի Համայնքի Հոգեւոր Կեդրոնին Եւ «Ազհար» Համալսարանին Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու Տան Անդամը Խօսած Է Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայերուն Դէմ Մշակութային Ցեղասպանութեան Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?