Երէկ կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Մարտիրոսեան` վարչապետ Կարէն Կարապետեանին ուղղեց հարցում մը, որ կը վերաբերէր սփիւռքին ուղղուած կոչին:
Յիշեցնենք, որ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը կոչ ուղղած էր սփիւռքին` իրենց ներուժը Հայաստանի մէջ ներդնելու: Պատգամաւորը հարցուց, թէ ատիկա ի՛նչ մեքանիզմով պիտի կազմակերպուի:
Վարչապետը պատասխանեց, որ սփիւռքը «հիանալի մեծ ներուժ» ունի, եւ բոլոր մարզերուն մէջ կարելի է ներդնել այդ ներուժը:
«Մենք տուած ենք հեռաձայնի թիւեր, որ մեզի հետ կապուին: Իսկ մեքանիզմները տարբեր են, կ՛ակնկալենք, որ մեր հայրենակիցները իրենք ներկայացնեն առաջարկներ, բանաձեւեր, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն իրենց ներուժի ներդրումը Հայաստանի մէջ», ըսաւ վարչապետ Կարէն Կարապետեան: