ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտւողար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ իրավիճակի սրման վերաբերեալ, հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած է պահպանելու զինադուլը եւ անյապաղ վերականգնելու առարկայական բանակցութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:
«Մենք մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի երկայնքին բախումներու մասին վերջերս հրապարակուած հաղորդագրութիւններով», ըսած է ան:
Տիւժարիք նշած է նաեւ, որ Կութիերես ամբողջութեամբ կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են լարուածութեան վտանգաւոր մակարդակի նուազեցման եւ իրավիճակի հետագայ սրման կանխարգիլման: