Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած է թուրք փաստաբան Ռամազան Աքպաշի ներկայացուցած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պունտըսթակի որոշումը չեղեալ նկատելու պահանջով դիմումը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը:
«Բողոքս ուսումնասիրող Սահմանադրական դատարանը տուած է հետեւեալ պատասխանը. «Սահմանադրական դատարանը չէ ընդունած բողոքը ուսումնասիրման համար: Ներկայացուած բողոքին մէջ հայցուոր կողմը բաւարար հիմքեր չէ ներկայացուցած հիմնարար իրաւունքներու կամ ատոր համահաւասար իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ»: Դատարանին որոշումը արդէն մեր մօտ է», յայտարարած է Աքպաշ:
Գերմանիոյ խորհրդարանը` Պունտըսթակը 2 յունիս 2016-ին ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը` որդեգրելով «1915 եւ 1916 թուականներու հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» խորագիրը կրող բանաձեւը: