
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Մութթահետ դռնփակ մրցումը:
Արձանագրելով տարեշրջանի իր 11-րդ յաղթանակը` ՀՄԸՄ ամուր կառչած մնաց պարագլուխի դիրքին:
ՀՄԸՄ իր երէկուան այս յաղթանակը արձանագրեց 86-72 արդիւնքով (19-15, 35-37, 57-57 եւ 86-72):
Այս մրցումը ընթացաւ գրեթէ համահաւասար պայքարով, մինչեւ երրորդ քորթըրին աւարտը:
Սակայն անկէ ետք ՀՄԸՄ չորրորդ քորթըրին առաջին հինգ վայրկեանին նշանակեց 18 կէտ, մինչ Մութթահետ բաւականացաւ միայն 3 կէտով:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ առիթով մը կէտերու տարբերութիւնը հասցուց 19-ի (85-66):
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Պիպլոս կը հիւրընկալէ Մէյրուպան, իսկ վաղը, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Թատամոն հիւրը կ՛ըլլայ Շանվիլի: